Երէկ յետմիջօրէի ժամը 15:15-ին Պէյրութի Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) աթլեթիզմի 3-րդ ախոյեանութեան բացման հանդիսութիւնը:
Լիբանանի ազգային խումբը, որուն մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ականներ Քլէա Արապաղեան եւ Զուլալ Պեզճեան, իր կողքին պիտի ունենայ Քաթարը, Քուէյթը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Օմանը, Յորդանանը, Սուրիան, Պաղեստինը, Իրաքը, Եմէնը, Սէուտական Արաբիան եւ Պահրէյնը:
Այս ախոյեանութիւնը, որ պիտի երկարի մինչեւ 5 հոկտեմբեր, տեղի պիտի ունենայ Մարզական աւանի եւ Ժումհուր ակումբի դաշտերուն վրայ` հովանաւորութեամբ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, ինչպէս նաեւ Ասիոյ եւ Արեւմտեան ֆետերասիոններու հսկողութեամբ:
Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչներն են Ուատիհ Հաուլի, Ալիս Քէյրուզ եւ Մոհամետ Սիրաժ Թամիմ: