Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Կորսնցուց Պարագլուխի Դիրքը` Ի Նպաստ Արսենալի

October 6, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ իր յաջորդական 2-րդ պարտութիւնը կրեց այս անգամ Չելսիէն` Լոնտոնի մէջ:

Լիվըրփուլ, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի գծով ալ պարտութիւն կրած էր քանի մը օր առաջ, առիթները կոլերու վերածելու դժուարութիւն կ՛ունենայ վերջերս, մինչ պաշտպանողական գիծն ալ երբեմն աններելի սխալներ կը գործէ:

Լիվըրփուլ, որ Լոնտոնի մէջ իր 4-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց անցեալ տարեշրջանէն ի վեր, Սթեմֆորտ Պրիճի մէջ կորսուած վիճակ ունէր մրցումի սկիզբէն, եւ էքուատորցի Մոյսես Քայսետօ, որ Լիվըրփուլի ամառնային փոխանցումներու «փափաքելի» տարրերէն մէկն էր, ռմբային հարուածով մը 25 մեթրէն նշանակեց վրացի Ճիորճի Մամարտաշվիլիի բերդին մէջ: Վրացի բերդապահը փոխարինած էր պրազիլցի Ալիսոնը, որ Կալաթասարայի դէմ մրցումին վիրաւորուած էր:

Լիվըրփուլ անմիջապէս փորձեց փոխադարձել, բայց Սոպուլայի ոսկի առիթը զսպեց կեդրոնի պաշտպան Պենուա Պատիաշիլ:

Չելսի, շատ լաւ աշխատեցաւ առանց գնդակի, մինչ Լիվըրփուլ երբեմն գեղեցիկ փոխանցումներ կատարելով կը վտանգէր Չելսիի բերդը:

Եթէ Միլոշ Քերքեզի փոխանցումը ճիշդ ըլլար, Սալահ կրնար նշանակել հաւասարութեան կոլը, բայց Քերքեզի փոխանցումը Քուքուրելիային հասաւ…

Բայց պէտք է ըսել, որ Լիվըրփուլ աւելի բախտաւոր էր միայն 1-0 արդիւնքով պարտուած դուրս գալով դաշտէն: Ալեխանտրօ Կառնաչօ քիչ մնաց նշանակէր կոլ մը, բայց անոր ռմբային հարուածը զսպեց Լիվըրփուլի բերդին սիւնը:

Լիվըրփուլի մարզիչ Սլոթ կիսախաղին դաշտ ներկայացուց գերմանացի Ֆլորիան Վիրցը, որ անմիջապէս առիթ ստեղծեց Սալահին, որ զարմանալիօրէն գնդակը չկրցաւ զետեղել Չելսիի բերդին մէջ:

Աւելի ուշ, Սուպուլայի յարձակումէն ետք գնդակը հասաւ Ալեքսանտր Իսաքի, որուն հարուածը հազիւ զսպուած, վրայ հասաւ Քոտի Կաքփօ, որ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:

Չելսի, որուն կեդրոնի յետսապահները վիրաւորուեցան, աւելի ենթարկուեցաւ ճնշումի, բայց Չելսի ինք էր, որ կրցաւ յաւելուած վայրկեաններուն կոլ նշանակել, երբ Էսթեւաօ 96-րդ վայրկեանին յաղթանակի կոլը նշանակեց խումբի մը դէմ, որ տարեշրջանի սկիզբը գրեթէ բոլոր մրցումներուն այս ձեւի կոլեր կը նշանակէր 90 վայրկեաններէ ետք:

Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Արսենալ, որ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ուեսթ Համը, շնորհիւ Տեքլան Ռայսի եւ Պուքաօ Սաքայի կոլերուն:

Մանչեսթըր Եունայթըտ իր կարգին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սանտըրլենտի Մէյսըն Մաունթի եւ Պենիամին Շեշքոյի կոլերուն:

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ընտրութիւնը Բոլորինս Ու Իւրաքանչիւրինս Է

Յաջորդը

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Անյաղթ Կը Մնայ «Պեռնապէօ»-ի Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.