Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց Պարսելոնային. Մոնաքօ Կէտ Խլեց Սիթիէն

Հոկտեմբեր 3, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոնսալօ Ռամոս 90-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Պարսելոնայի վրայ (2-1)` «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն:

1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Սպանիոյ մէջ, առանց վիրաւորներ Ուսման Տեմպելէի, Տեզիրէ Տուէի եւ Քվիչա Քվարացխելիայի, անցեալ տարուան տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն պայքարեցաւ եւ 2-1 արդիւնքով կրցաւ յաղթել այս տարուան թեկնածուներէն մէկուն դէմ:

«Հոգ չէ, թէ ո՛վ կը խաղայ: Երբ մեր շապիկը կը հագուին, խումբին նշանը իրենց կուրծքին, ուժը եւ պայքարի ոգին անվիճելի հարցեր են», ըսաւ Փարիզի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ:

Մանչեսթըր Սիթի հաւասարութեամբ աւարտեց իր մրցումը Մոնաքոյի դաշտին վրայ (2-2), երբ Էրիք Տայըր փենալթիով նշանակեց հաւասարութեան կոլը 90-րդ վայրկեանին:

Վիարէալ եւ Եուվենթուս 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեցին իրենց ճակատումը, մինչ Արսենալ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Օլիմփիաքոսին:

Փարիզ Սեն Ժերմենի ճամբորդութիւնը` Պարսելոնա, 2-րդ շաբթուան սպասուած մրցումին առիթով էր: Կը սպասուի, որ երկու խումբերն ալ աւարտական հանգրուանները հասնին, եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն կը փորձէ Ռէալ Մատրիտի նման միակ խումբը ըլլալ, որ յաջողութեամբ կը պահէ իր տիտղոսը: Անշուշտ «Չեմփիընզ լիկ» անունը փոխարինեց ախոյեան խումբերու բաժակը 1992-ին:

Պարսելոնա իր կարգին կը փորձէ Սպանիոյ մէջ իր գերակայութիւնը Եւրոպայի մէջ ալ տարածել, անցեալ տարուան իր անբախտ պարտութենէն ետք` Ինթեր Միլանին դէմ մրցումին:

Հակառակ սպասուած մրցում մը ըլլալուն, երկու կողմերուն մօտ ալ շատ բացականեր կային, եւ կը կարծուէր, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն աւելի վատ վիճակի մէջ էր, որովհետեւ նոյնիսկ առանց Ռաֆինայի, Կաւիի, Ֆերմին Լոփեսի եւ առաջին երկու հիմնական բերդապահներուն, Պարսելոնա աւելի ընդարձակ խմբակ մը ունէր:

Ֆեռան Թորես նշանակեց մրցումին առաջին կոլը 19-րդ վայրկեանին, բայց Տեննի Մայուլու 38-րդ վայրկեանին հաւասարութեան կոլը նշանակեց:

Պահեստի մարզիկ Լի Քանկ-Ին մրցումի վերջին վայրկեաններուն ցնցեց Պարսելոնայի բերդին սիւնը: 90-րդ վայրկեանին, Աշրաֆ Հաքիմիի փոխանցումէն օգտուելով, Ռամոս նշանակեց յաղթանակի կոլը:

«Այսօր մենք պարտուեցանք, եւ ասիկա լաւ բան մը չէր: Պէտք է ընդունինք այս պարտութիւնը, եւ թէ Փարիզ լաւ խումբ է: Յուսախաբ ենք, ինչպէս նաեւ յուսախաբ են մեր համակիրները: Պէտք է ընդունինք, որ պարտուեցանք, բայց աշխատինք, որ բարելաւուինք», ըսաւ Պարսելոնայի մարզիչ Հանզի Ֆլիք:

 

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Աղջկանց Աւարտական Մրցումները Կը Սկսին Ուրբաթ Օր

Յաջորդը

«Եու. Էֆ. Սի.» Նոյեմբերին` Ծառուկեան-Հուքըր

RelatedPosts

Աթլեթիզմ.  Արեւմտեան Ասիոյ Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը Սկսաւ Երէկ
Մարզական

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը Սկսաւ Երէկ

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Եու. Էֆ. Սի.»  Նոյեմբերին` Ծառուկեան-Հուքըր
Մարզական

«Եու. Էֆ. Սի.» Նոյեմբերին` Ծառուկեան-Հուքըր

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Էն. Պի. Էյ.»  Աղջկանց Աւարտական Մրցումները Կը Սկսին Ուրբաթ Օր
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Աղջկանց Աւարտական Մրցումները Կը Սկսին Ուրբաթ Օր

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?