Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) 3-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ական Զուլալ Պեզճեան եւ Քլէա Արապաղեան, որոնք Լիբանանը կը ներկայացնեն, մետալներ շահեցան Լիբանանի անունը բարձր պահելով:
Զուլալ Պեզճեան նիզակ արձակելու մրցումներուն գրաւեց առաջին դիրքը` ձեռք ձգելով ոսկի մետալ, մինչ Լին Նատեր գրաւեց 3-րդ դիրքը` պրոնզ մետալ ձեռք ձգելով ի նպաստ Լիբանանի:
Զուլալ Պեզճեան որ եօթնամարտի (հեփթաթլոն) մրցումներուն ալ մասնակցեցաւ, մէկ քայլ ոստումի (առաջին), բարձրութիւն ցատկելու (երրորդ), գունտ արձակելու (առաջին), 200 մեթրի (երկրորդ), լաւ արդիւնքներ արձանագրեց եւ վերջնական արդիւնքներով շահեցաւ պրոնզ մետալ: Հեփթաթլոնի ոսկի մետալը շահեցաւ լիբանանցի Լէա Հաննա:
5000 մեթր վազքի մրցումներուն Քլէա Արապաղեան գրաւեց 3-րդ դիրքը` պրոնզէ մետալ շահելով: Բ. դիրքը գրաւեց այլ լիբանանցի մը` Նինար Հիւսէյն:
Մէկ քայլ ոստումի ոսկի մետալը շահեցաւ Նիսրին Մուաուատ:
100 մեթր տղոց վազքի մրցումներուն Քեւըն Արթուն երրորդ դիրքը գրաւեց` պրոնզէ մետալ շահելով:
Տղոց նիզակ արձակելու մրցումներուն Թանիոս Սերկէյ երրորդ դիրքը գրաւեց` շահելով պրոնզ մետալ:
4×400 մեթր խառն դրօշարշաւի մրցումներուն Լիբանանի խումբը գրաւեց երրորդ դիրքը` պրոնզ մետալ շահելով: