30 սեպտեմբերին, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Քայրաթ Ալմաթի-Ռէալ Մատրիտ մրցումին, Քայրաթի 23 հազար համակիրներ հիւրընկալող դաշտը գրեթէ ամբողջութեամբ ողողուած էր համակիրներով, եւ տոմսերը կարճ ժամանակէն արդէն իսկ սպառած էին, հակառակ անոր որ շատ սուղ էին: Ըստ ականատեսներու, համակիրներ մինչեւ իսկ իրենց ինքնաշարժները ծախած էին տոմսերու գիներուն դիմաց, միայն ներկայ գտնուելու համար դաշտ:
Միայն Ղազախստանի բնակիչները չէին, որ եկած էին դիտելու: Մրցակից խումբի համակիր խումբ մը հայորդիներ, որոնք անդամներ էին Երեւանի համակիրներու ակումբին, հագած էին Ռէալ Մատրիտի շապիկներ եւ «զինուած» եռագոյն դրօշներով տարբեր մթնոլորտ ստեղծեցին հայկական ազգագրական երգերով:
Կազմակերպուած խմբակին անդամները առիթ ունէին իրենց նախասիրած խումբը դիտելու եւ անոնցմէ մաս մըն ալ առաջին անգամ ըլլալով այդ փորձառութիւնը ունեցան:
Մրցումի աւարտի սուլիչէն ետք երբ Ռէալ Մատրիտ 5-0 արդիւնքով յաղթեց, հայ համակիրները երգեցին «Գետաշէն» երգը` բոլորին ուշադրութիւնը գրաւելով: