Երեւանի Նոա ակումբը «Քոնֆերենս Լիկ»-ի գծով հիւրընկալեց Խրուաթիոյ ախոյեան Ռէյքա ակումբը` բացման մրցումին:
Այս եղանակին Նոա Մոնթենեկրոյի եւ Սլովենիոյ ախոյեաններուն յաղթելով ձեւով մը «Պալքաններու ախոյեան» դարձաւ` բարձր պահելով Հայաստանի անունը:
Այլ մրցումներու, Տիգրան Բարսեղեան էսիսթ մը տուաւ իր խմբակիցին, բայց այդ կոլը բաւարար չէր Սլովան Պրաթիսլաւայի համար, որ 1-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սթրազպուրկէն: Բարսեղեան շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ` կատարելով 6 վճռական փոխանցում, 2 անգամ ալ հարուածեց դէպի ֆրանսական ակումբի բերդը եւ 4 անգամ յաջողեցաւ խաբել իր մրցակիցը:
«Եուրոփա Լիկ»-ի մրցումներուն, Նայիր Տիկնիզեան իր միջազգային լաւագոյն ելոյթներէն մէկը ունեցաւ, հակառակ անոր, որ իր ակումբը` Սերպիոյ Կարմիր Աստղ Պելկրատը վերջին վայրկեանին պարտութիւն կրեց Փորթուգալի Փորթոյէն: Ան 82 վայրկեան խաղալով 7 անգամ կրցաւ գերազանցել իր մրցակից մարզիկը եւ վճռական փոխանցում ալ կատարեց Առնաութովիչին:
Վահան Պիչախչեան Լեկիա Վարշաւայի հետ մասնակցեցաւ մրցումի վերջին 15 վայրկեաններուն եւ մէկ կարմիր փոխանցում կատարեց: