«ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.» յետաձգեց Իսրայէլի խումբերու մրցաշարքերու հեռացման վերաբերեալ քուէարկութիւնը` նպատակ ունենալով առիթ տալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրի իրականացման:
Ըստ «Տը Թայմզ»-ի, «ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.»-ն այս շաբաթ կը նախատեսէր գործադիր կոմիտէի արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին կ՛ակնկալէր, որ անդամներու մեծամասնութիւնը աջակցի Իսրայէլի ակումբներու հեռացման առաջարկին:
Թրամփ, որ անցեալ շաբաթ ալ «ճնշած էր» «ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.»-ի վրայ, որ ազգային խումբին դէմ ժխտական որոշում չառնուի քանի մը օր առաջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպած էր:
Իսրայէլ 1994-էն ի վեր «ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.»-ի անդամ է: