Թենիս. Ճոքովիչ Հասաւ Կիսաւարտական
Վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ կը փորձէ 5-րդ անգամ ըլլալով շահիլ Շանկհայի «Մասթըրզ» թենիսի մրցաշարքը, 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով մեծ դժուարութեամբ յաղթեց պելճիքացի Զիզու Պերկզին եւ հասաւ կիսաւարտական: 38 տարեկան սերպ թենիսմենը, որ դժուար պայքար ունի ոչ միայն մրցակիցներուն դէմ, այլ նաեւ բարձր խոնաւութեան եւ տաքին դէմ, անգամ մը եւս բուռն պայքար տարաւ երկու սեթերուն, ուր մրցակիցը 5 սեթ փոյնթեր...




















