Մոսկուայի Սպարտակ ակումբի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկու եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի միութեան առաջին փոխնախագահ Նիքիթա Սիմոնեանի անունը ներառուեցաւ Ուքրանիոյ «Միրոտվորեց» կայքի տուեալներու կեդրոնին մէջ:
Սիմոնեանը կը մեղադրեն Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած գործողութիւններուն մասնակցելու յանցանքով:
98 տարեկան Սիմոնեան Սպարտակի պատմութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրն էր իր նշանակած 160 կոլերով: Ան 1949-էն 1959 խաղցած է Մոսկուայի ակումբին հետ: Ան 1960-էն 1965 եւ 1967-էն 1972 եղած է Սպարտակի մարզիչը: 1956-ին ան Խորհրդային Միութեան ազգային խումբին հետ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան ալ դարձած է:
«Միրոտվորեց» կայքը Ռուսիոյ մէջ ճանչցուած է իբրեւ ծայրայեղական եւ արգիլուած է: