Սպանիոյ «Լա Լիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի իր մրցումին, Ռէալ Մատրիտ կրցաւ «Լա Լիկա»-ի գծով իր յաջորդական 8-րդ յաղթանակը արձանագրել իր «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վիարէալը:
Չապի Ալոնսոյի մարզիկները կը փորձէին մոռացութեան մատնել անցեալ շաբթուան «Մատրիտի Տերպի»-ին ծանր պարտութիւնը (5-2): Ռէալ սկիզբէն առիթներ ստեղծեց Արտա Կիւլերի միջոցով, որ Քիլիան Էմպափէի հետ 1-2-է մը ետք քիչ մը բարձր հարուածեց: Առիթներ ունեցան Օրելիեն Չուամենի եւ Ֆրանքօ Մասթանթունօ, բայց այդ առիթները կոլի չվերածուեցան: «Դեղին սուզանաւ» մրցակիցը իր կարգին ոսկի առիթ ստեղծեց Թանի Օլուասէի շնորհիւ, բայց Ռէալի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա վարպետօրէն զսպեց այդ առիթը:
Պրազիլցի Վենիսիուս Ժունիոր, որ վերջերս լաւ վիճակի մէջ չէր, 47-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը` Էմպափէի փոխանցումէն ետք:
69-րդ վայրկեանին պրազիլցի մարզիկը փենալթիով նշանակեց Ռէալի 2-րդ կոլը: 81-րդ վայրկեանին Պրահեմ Տիասի փոխանցումէն ետք, Քիլիան Էմպափէ նշանակեց ախոյեանութեան իր 9-րդ կոլը:
Վիարէալի միակ կոլը նշանակեց Ճորճ Միքաութածէ: 64-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Ճուտ Պելինկհամ, որ իր կարգին 2 առիթ ունէր կոլ նշանակելու:
Աթլեթիք Պիլպաօ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Մայորքային, մինչ Ժերոնա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Վալենսիային: Լեվանթէ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Օվիետոյի դաշտէն, իսկ Օսասունա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Խեթաֆէին: