Հայ մարզիկ Սպարտակ Միքայէլեան (մինչեւ 74.8 քկ կշիռ) ոսկի մետալ շահեցաւ 2025-ի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան որ տեղի կ՛ունենայ Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան):
Վճռական մենամարտին, 21 տարեկան Միքայէլեան տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց նիկերիացի Պենճամին Էտոզիի նկատմամբ` աւարտելով «խեղդելու» հնարքով:
Ախոյեան դառնալու ճամբուն վրայ, ան նախապէս դուրս ձգած էր Չեխիոյ, Նիկերիոյ, Դանիոյ, Ղազախստանի եւ Իրլանտայի մրցակիցները:
Աւելի կանուխ, Սպարտակ Միքայէլեան դարձած էր իրաւարարներու աշխարհի ախոյեան: Հայաստան այս ախոյեանութիւնը աւարտեց 2 մետալով. Միքայէլեանի կողքին Արթուր Ասոյեան պրոնզ մետալ շահած էր: