«Եու. Էֆ. Սի.»-ի միջին կշիռի մարտիկ Էդմեն Շահբազեան (16-5) կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ պրազիլցի Անտրէ Մունեսի (24-8) դէմ` աւարտելով մենամարտը նաք-աութով առաջին ռաունտին իսկ:
«Եու. Էֆ. Սի.»-ի 320 մրցաշարքի մրցումներուն Մունիս մրցումի սկիզբէն պայքարը փորձեց տեղափոխել գետնային ճակատումի, բայց Շահբազեան հմտօրէն պաշտպանուեցաւ եւ գետին բերաւ մրցակիցը, որ իրեն համար տարբեր ձեւ մըն էր: Շահբազեանի բռունցքով հարուածները ծանր կը թուէին մրցակիցին համար, եւ Էդմեն զգալի առաւելութիւն ունէր իր զօրաւոր ձախ ձեռքով: Շահբազեանի մէկ հարուածը ծանր ազդեց Մունիսի վրայ, եւ ռաունտի աւարտէն 4 երկվայրկեան առաջ Շահբազեան նաք աութի ենթարկեց մրցակիցը: Ասիկա 27 տարեկան Շահբազեանի յաջորդական երրորդ յաղթանակն էր, եւ ան բարձրացաւ 15-րդ դիրք: 27 տարեկան Շահբազեան արդէն իսկ կը նկատուի վեթերան եւ կը շարունակէ վստահութեամբ յառաջ ընթանալ դէպի «Եու. Էֆ. Սի.»-ի դասաւորման աւելի բարձր դիրքեր: