Մարզական

Թեքուանտօ. Կրտսերներու Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն Մասնակցեցան Մեծ Թիւով Մարզիկներ

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) կազմակերպեց Լիբանանի 2018-ի տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնք տեղի ունեցան մեծ թափով եւ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: Մասնակցողներուն կարգին եղան նաեւ լիբանանահայեր, որոնք մաս կը կազմեն լիբանանեան զանազան ակումբներու: Ստորեւ կու տանք անոնց արձանագրած արդիւնքները. Ալեքսանտր Շամլեան (Մոն լա Սալ, 63 քկ) - 3-րդ Ալեքսիա Աւագեան (Շանվիլ, 42...

Թեքուանտօ. Հարաւային Քորէայի Մարզիչները Սկսան Մարզել Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Մէկ Խումբը

Սուրի մէջ Հարաւային Քորէայէն եկած թեքուանտոյի յատուկ մարզիչներ սկսան մարզել ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ խումբը, որ ներկայիս կ՛ընդգրկէ 50 անձ: Անոնց նպատակն է մարզել ներքին ապահովութեան ուժերու այս խումբը, որպէսզի Լիբանան կարենայ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել այս տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք միջազգային տարբեր տեսակի մրցաշարքերու, որոնք շուտով սկիզբ պիտի առնեն: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային անոնք մարզեն նաեւ այլ խումբեր:

ՖԻՖԱ. Հայաստան Մնաց 90-րդ Դիրքին Վրայ. Լիբանան Բարձրացաւ 84-րդ Դիրք

ՖԻՖԱ-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, որուն առաջին տասնեակին մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուեցաւ: Աշխարհի գործող ախոյեան Գերմանիա կը գրաւէ առաջին դիրքը, որուն կը յաջորդեն Պրազիլ եւ Եւրոպայի գործող ախոյեան Փորթուգալ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 383 կէտով մնաց 90-րդ դիրքին վրայ: Հայրենի կազմը դեկտեմբեր 2017-ին որեւէ մրցում չկատարեց: Լիբանանի կազմը մէկ դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ...

Հայաստանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Չկրցաւ Ապահովել Ստեփանեանը Մինսք Ուղարկելու Գումարը

Հայաստանի յառաջատար հեծելանւորդ Էտկար Ստեփանեան «Նիուզ.ամ-սփոր»-ին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը չի բերեր, որովհետեւ Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը չկրցաւ նիւթական միջոցներ ապահովել, որպէսզի ինք կարենայ անոր մասնակցիլ: Բաժակի այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ վերջինը, նախքան փետրուարին հրապարակուելիք աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ստանալիք լաւագոյն 24 հեծելանւորդներուն ցանկը: «Նիւթական հարցերու պատճառով չեմ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Կարէն Խաչանով Պարտուեցաւ Տել Փոթրոյէն

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Կարէն Խաչանով Պարտուեցաւ Տել Փոթրոյէն

Ուքրանացի 15 Տարեկան Քոսթիուք Հասաւ Գ. Հանգրուան Կարէն Խաչանով Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, երէկ Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող 21 տարեկան Կարէն Խաչանով չկրցաւ յաղթահարել այս հանգրուանը, երբ 4 սեթի ընթացքին պարտութիւն մը կրեց արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոյէն` 4-6, 6-7, 7-6 եւ 4-6 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Քիրիոս Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Իր Ոչ Մարզավայել Կեցուածքին Համար

Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ աւստրալիացի Նիք Քիրիոս իր ոչ մարզավայել կեցուածքին համար 3700 ամերիկեան տոլարի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Պրազիլցի Ռոժերիօ Տութրայի դէմ (1-64-րդ հանգրուան) իր արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (6-1, 6-2 եւ 6-4), ան վիճաբանեցաւ քիչ մը աղմուկ հանող հանդիսատեսի մը հետ` անոր հասցէին նախատական խօսքեր ուղղելով եւ լռութիւն պահանջելով: Ան նոյնիսկ վիճեցաւ իրաւարարին հետ` դժգոհելով,...

2018-Ի Ողիմպիական Խաղեր. Քորէացի Մարզիկները Բացման Հանդիսութեան Պիտի Տողանցեն Միասնական Դրօշակով

Միջազգային լրատու գործակալութիւններ երէկ հաղորդեցին, որ Հարաւային եւ Հիւսիսային Քորէայի ներկայացուցիչները Փհենչհանի ձմեռնային 2018-ի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան շքերթին պիտի մասնակցին ընդհանուր պատուիրակութեամբ եւ միասնական դրօշակով: Հիւսիսային Քորէա պիտի ունենայ 150 մարզիկ: Ասկէ բացի, Հարաւային Քորէա ցամաքի ճամբով պիտի ժամանեն 230 լրագրողներ եւ համակիրներ: Հաքիի մրցումներուն երկու Քորէաներուն աղջկանց խումբերը պիտի մասնակցին մէկ հաւաքականով: Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք այս...

Փիքէ Մինչեւ 2022` Պարսելոնայի Հետ

Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ երէկ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ, յայտնեց քաթալոնական խումբին պաշտօնական կայքը: Փիքէի նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022: Իսկ 30 տարեկան ֆութպոլիստը իր կըազմին միացնել ուզողը Պարսելոնային պիտի վճարէ 500 միլիոն եւրօ հրաժարագին: Ան քաթալոնական կազմին հետ 421 պաշտօնական մրցումի ընթացքին նշանակած է 36 կոլ եւ կատարած 8 էսիսթ:

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Նէյմար Չորս Կոլի Հեղինակ. Քաւանիի Նոր Մրցանիշը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Տիժոնը, 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ: Այս մրցումին պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար նշանակեց չորս կոլ (42-րդ, 57-րդ, 73-րդ եւ 83-րդ` փենալթիով): Թէեւ Էտինսոն Քաւանի այս մրցումին նշանակեց մէկ կոլ (21-րդ), սակայն յաջողեցաւ ակումբին պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել` նշանակելով իր 156-րդ կոլը մայրաքաղաքի կազմին...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պարսելոնա Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Քառորդ Աւարտականի Դարձի Մրցումներուն Յաղթանակներու Կարիք Ունին

Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն, զօրաւոր նկատուող խումբեր Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, պարտութիւններ կրեցին իրենց մրցակիցներէն: Պարսելոնա, որ հիւրն էր Էսփանիոլի, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, երբ մրցումին աւարտէն 2 վայրկեան առաջ Օսքար Մելենտօ նշանակեց կոլ մը: Մրցումին 61-րդ վայրկեանին, Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Տիեկօ Լոփես զսպեց Լիոնել Մեսսիի հարուածած փենալթին: Պարսա 2009-էն ի վեր չէր պարտուած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս – Լուէյզի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 18 յունուարին տեղի կ՛ունենայ Պիպլոս - Լուէյզի մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ, Ժիպէյլ: Ներկայ դրութեամբ Պիլպլոս, որ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 13 պարտութիւն, կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 9-րդ եւ նախավերջին դիրքը: Իսկ Լուէյզի, որ...

Տուպայի Պասքեթպոլի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պոլ Ըպաւ Օլ

Այսօր` հինգշաբթի, 18 յունուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ կը սկսի Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը` հինգ խումբ: Այդ տասը խումբերուն կարգին են լիբանանեան երեք խումբեր` ՀՄԸՄ, Սաժես եւ Ռիատի: Մրցաշարքին պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), որուն կը յաջորդէ Սաժեսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին միջեւ...

Թեքուանտօ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Ալեքսիա Աւագեան Տիրացաւ Երկու Ոսկի Մետալի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի թեքուանտոյի բաժակի մրցաշարքի մրցումները` տարիքային տարբեր դասակարգերու մէջ (տղաք եւ աղջիկներ): Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեքուանիոյի ֆետերասիոնին անդամները, մասնակցող մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները եւ թեքուանտոյի սիրահարներ, որոնք եկած էին քաջալերելու մասնակցող մարզիկները: Շանվիլ ակումբին հետ իր ելոյթները կատարող Ալեքսիա Աւագեան, աղջկանց 15-17 տարեկան դասակարգի մրցումներուն բաւական...

ուրբաթ, 26 յունուարին. լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը կը կատարէ 2017-ի մրցանակաբաշխութիւնը

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը ուրբաթ, 26 յունուարին, յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին կը կատարէ 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը բոլոր այն մարզիկներուն եւ աթլեթներուն, որոնք տարբեր տեսակի տիտղոսներու տիրացան եւ գրաւեցին մրցանակային դիրքեր: Պիտի պարգեւատրուին նաեւ միջազգային մրցաշարքերու եւ ախոյեանութիւններու ընթացքին տիտղոսներու եւ մետալներու տիրացած մարզիկները:  

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Կազմակերպած Պասքեթպոլի Եւ Ֆութսալի Դպրոցական Մրցաշարքերը Կը Շարունակուին

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Կազմակերպած Պասքեթպոլի Եւ Ֆութսալի Դպրոցական Մրցաշարքերը Կը Շարունակուին

Կազմակերպութեամբ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին եւ գործակցութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին յաջորդաբար չորրորդ շաբաթն ըլլալով տեղի ունեցան պասքեթպոլի եւ ֆութսալի դպրոցական մրցաշարքերուն մրցումները` մասնակցութեամբ 19 վարժարաններու: Պասքեթպոլի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Լուիզ Ֆիկմըն - Ինթըրնեշընըլ Քոլեճ` 66-51, Սաժես Հայ Սքուլ - Հարիրի Հայ Սքուլ` 59-16, Մար Եուսեֆ Քըրնեթ Շեհուան - Աւետարանական վարժարան` 74-69, Լուէյզի - Ամերիքըն Քոմիւնիթի Քոլեճ` 83-54:...

Lebanese football federation

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կախակայումներն Ու Տուգանքները` Միշտ Անպակաս

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց 2018 տարուան իր երրորդ ժողովը, որուն ընթացքին քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հրապարակեց այս շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը: Սկսելով սահմանուած տուգանքներէն` Իսլահ Պըրժ Շիմալի ստացաւ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք, իսկ Ռասինկ` հինգ հարիւր հազարի տուգանք: Պըրժ ենթարկուեցաւ երկու միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի: Կրտսերներու ախոյեանութեան...

Ռայոլա. «Հենրիխ Մխիթարեան Ցարդ Որոշում Չէ Տուած»

Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի գործակատարը` Մինօ Ռայոլա հաստատեց այն լուրերը, որ Հայաստանի հաւաքականին խմբապետը կրնայ տեղափոխուիլ Արսենալ, իսկ չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչես` մեկնիլ հակառակ ուղղութեամբ: Իտալացի գործակատարին համաձայն, ասիկա տեղի կրնայ ունենալ ֆութպոլիստին հաւանութենէն ետք միայն: Մանչեսթըր Եունայթըտ Ալեքսիս Սանչեսը ձեռք կրնայ ձգել այն ժամանակ միայն, երբ Մխիթարեան համաձայն գտնուի տեղափոխուիլ Արսենալ: Ըստ Ռայոլայի, Մխիթարեան պիտի ընտրէ այն տարբերակը,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Զաւէն Բադոյեան Կոլի Հեղինակ` Շապապ Սահելի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Զաւէն Բադոյեան մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին տեղափոխուեցաւ Լիբանան եւ մաս կազմեց Բ. դասակարգի կազմերէն Շապապ Սահելին: Վերջինս, որ այժմ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մեծ յոյսեր ունի վերստին բարձրանալու Ա. դասակարգ, ուրկէ տեղափոխուեցաւ նախորդ տարեշրջանին: Շապապ Մաժտալ Այնճարի դէմ տեղի ունեցած 13-րդ հանգրուանի մրցումին, հայրենի 28 տարեկան ֆութպոլիստը յաջողեցաւ նշանակել իր կազմին երկրորդ կոլը...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Մաս Կազմեցին Նոյն Խմբակին

2018-ին Եւրոպայի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով տեղի ունեցած վիճակաձգութեան ընթացքին Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը մաս կազմեց Ա. խմբակին, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ազրպէյճան, Աւստրիա, Սան Մարինօ, Ալպանիա եւ Մոլտովա: 18 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցակիցները պիտի ըլլան Մոլտովա, Իրլանտա, Մոնաքօ եւ Մալթա: Սակայն Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը հանդէս պիտի գայ Եւրոպայի...

Գեղասահք. Անասթասիա Գալուստեան Բացակայ` Եւրոպայի Ախոյեանութենէն

Երէկ` չորեքշաբթի, 17 յունուարին, Մոսկուայի մէջ սկիզբ առաւ Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութիւնը: Առաջին օրուան տղոց ելոյթներուն (կարճ ծրագիր) Հայաստանի ներկայացուցիչն էր Սլաւիկ Հայրապետեան: Անասթասիա Գալուստեան այս տարի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը չի բերեր: «Նիուզ-ամ-սփոր»-ին մէկ թղթակիցը յայտնեց, որ անոր բացակայութեան պատճառը նիւթական է: Զոյգի պայքարին, որ կը սկսի 19 յունուարին, Հայաստանի զոյգին ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Թինա Կարապետեան եւ Սիմոն Սենեկալ:

Page 881 of 1278 1 … 880 881 882 … 1,278

Արխիւներ