2018-ին Եւրոպայի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով տեղի ունեցած վիճակաձգութեան ընթացքին Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը մաս կազմեց Ա. խմբակին, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ազրպէյճան, Աւստրիա, Սան Մարինօ, Ալպանիա եւ Մոլտովա:
18 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցակիցները պիտի ըլլան Մոլտովա, Իրլանտա, Մոնաքօ եւ Մալթա:
Սակայն Հայաստանի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը հանդէս պիտի գայ Եւրոպայի 2018-ի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Գ. խմբակին մէջ հայրենի կազմին մրցակիցներն են Ռուսիա, Հունգարիա, Չեխիա, Հոլանտա եւ Լիւքսամպուրկ:



