Երէկ` չորեքշաբթի, 17 յունուարին, Մոսկուայի մէջ սկիզբ առաւ Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութիւնը:
Առաջին օրուան տղոց ելոյթներուն (կարճ ծրագիր) Հայաստանի ներկայացուցիչն էր Սլաւիկ Հայրապետեան:
Անասթասիա Գալուստեան այս տարի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը չի բերեր:
«Նիուզ-ամ-սփոր»-ին մէկ թղթակիցը յայտնեց, որ անոր բացակայութեան պատճառը նիւթական է:
Զոյգի պայքարին, որ կը սկսի 19 յունուարին, Հայաստանի զոյգին ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Թինա Կարապետեան եւ Սիմոն Սենեկալ:



