Մարզական

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի «Թրէյտուայզ Չես Ֆեսթիվալ»-ի Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 23 յունուարէն 1 փետրուար Ճիպրալթարի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Թրէյտուայզ Չես Ֆեսթիվալ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ զուցերիական օրէնքին հիմամբ (10 հանգրուան): Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ 25 հազար փաունտ սթերլինկ, երկրորդ հանդիսացողը` 20 հազար, իսկ պրոնզէ մետալակիրը` 15 հազար: Մասնակցողներուն կարգին են Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւ (Ֆրանսա, 2793), Հիքարու Նաքամուրա (Միացեալ Նահանգներ, 2781), Վասիլի...

Լիբանանեան – Ամերիկեան Համալսարանի Խաղեր. Սեւան Չեքմէեան Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը` Փինկ Փոնկի Մրցումներուն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան - ամերիկեան համալսարանին, նախորդ շաբաթավերջին «Փրայմ Սփորթց»-ի դաշտերուն վրայ (Հալաթ) աւարտեցան 19-րդ միջդպրոցական խաղերը, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 52 երկրորդական վարժարաններէ բազմաթիւ երկսեռ աշակերտներ: Փինկ փոնկի մրցումներուն բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով` Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Սեւան Չեքմէեան յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան, ուր սակայն պարտուելով տիրացաւ արծաթ մետալին: Սեւան Չեքմէեան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբին:

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Ռիատի Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Այսօր Կ՛աւարտին Ա. Հանգրուանի Մրցումները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ռիատի արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 86-61 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոլ Ըպաւ Օլը (17-13, 40-29, 62-43, 86-61): Ռիատիէն Ամիր Սէուտ նշանակեց 37 կէտ, մինչ 10-ական կէտ նշանակեցին Ալի Հայտար եւ Քրիս Տանիելզ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռիատի գրաւեց Բ....

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք.  Ֆետերեր Եւ Հալեփ Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք. Ֆետերեր Եւ Հալեփ Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսը

Մելպուռնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 6-4, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հունգարացի մրցակիցը` Մարթոն Ֆուքսովիչը: Ռոժէ Ֆետերեր Քառորդ աւարտականին, 36 տարեկան Ֆետերեր իրեն մրցակից պիտի ունենայ չեխ Թոմաս Պերտիչը, որ 6-1, 6-4...

«Էն. Պի. Էյ.». Թէեւ Քիրի Ըրվինկ Նշանակեց 40 Կէտ, Բայց Սելթիքս Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ: Պոսթըն Սելթիքս, որ կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը, իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Օրլանտօ Մեճիքէն, (103-95): Քիրի Ըրվինկ Հակառակ Քիրի Ըրվինկի նշանակած 40 կէտին, անոր կազմը կրեց տարեշրջանի իր 13-րդ պարտութիւնը: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Նիւ Եորք Նիքսը, արձանագրեց 127-107 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ...

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Հերի Քէյնը Փոխարինել Քրիսթիանօ Ռոնալտոյով

Անգլիական «Տը Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես այս տարեշրջանի աւարտին փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն կ՛ուզէ փոխարինել այլ մարզիկով մը: Կը նշուի, որ արքայական ակումբը ամրան ընթացքին ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ իր կազմին միացնելու Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյնը` անոր փոխանցման համար վճարելով 226 միլիոն եւրօ: Եթէ կողմերը համաձայնութեան գան իրարու հետ, ասիկա պիտի ըլլայ ֆութպոլի պատմութեան...

Ուաթֆորտ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Սպանացի ֆութպոլի մասնագէտ Խաւի Կարսիա նշանակուեցաւ Ուաթֆորտի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքը: 47 տարեկան մարզիչը, որ իր նոր կազմին հետ կնքեց 18 ամսուան վրայ երկարող պայմանագրութիւն մը, այսպիսով կը փոխարինէ փորթուգալցի Մարքօ Սիլվան, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ:

Տուպայի Պասքեթպոլի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Յաղթեց Թունուզեան Նաժըմ Ռատեսէի Եւ Գրաւեց Բ. Խմբակին Պարագլուխի Դիրքը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող տղոց պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ եւ նախանցեալ օր տեղի ունեցան երեքական մրցումներ: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ երէկ ճակատեցաւ թունուզեան Նաժըմ Ռատեսէի դէմ, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաղթեց իր մրցակիցին` 99-80 արդիւնքով (26-19, 18-24, 30-18 եւ 25-19): Մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով (պարտութեան մը կողքին)` ՀՄԸՄ յաջողեցաւ գրաւել Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շապապ Ղազիէ` 1-2

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 20 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Ղազիէն, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ - Շապապ Ղազիէ մրցումէն Հիւր կազմը իր առաջին կոլը նշանակեց մրցումին 19-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ռամի Ֆաքիհի: Այդ կոլէն ետք, Ժան Քիքի արդիւնքը վերածեց 2-0-ի (30-րդ): Մրցումին 70-րդ վայրկեանին, ՀՄԸՄ...

ՖԻՖԱ-ն Կը Շնորհաւորէ Հենրիխ Մխիթարեանը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ` կիրակի, 21 յունուարին տօնեց իր ծննդեան 29-րդ տարեդարձը: Անոր ծնունդը շնորհաւորեցին բազմաթիւ անձեր: Անոնց կարգին եղաւ նաեւ ՖԻՖԱ-ն, որ իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն շնորհաւորեց հայրենի ֆութպոլիստին տարեդարձը:

Հենրիխ Մխիթարեան Եւ Արսենալ Հասան Ամբողջական Համաձայնութեան

«Սքայ Սփորթ»-ի եւ «Տը Կարտիըն»-ի լրագրող Ֆապրիցիօ Ռոմանօ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան եւ լոնտոնեան Արսենալը հասած են ամբողջական համաձայնութեան, եւ շուտով պաշտօնապէս կը յայտարարուի Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահին փոխանցման լուրը: Իսկ «Պի. Պի. Սի.»-ի լրագրող Տէյվիտ Օրնշթայն տեղեկացուց, որ Արսենալն ու Մանչեսթըր Եունայթըտը Մխիթարեանի եւ չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեսի փոխանակումը պիտի հաստատեն` այսօր` երկուշաբթի, կամ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Մրցաշարք.  Նատալ Եւ Վոզնիաքի Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Մրցաշարք. Նատալ Եւ Վոզնիաքի Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Շարափովա Աւարտեց Իր Ելոյթները Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Դ. հանգրուանին իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, շարք մը մարզիկներ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Ռաֆայէլ Նատալ Աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկը` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, 6-3, 6-7, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց արժանթինցի Տիեկօ Շվարցմանի դէմ` 3 ժամ 5' տեւած...

«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեանը Եւ Փոխախոյեանը Պարտուեցան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 9 ճակատումներ: Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրն էր Հիուսթըն Ռոքեթցի, 116-108 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ անոր դաշտէն: Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քրիս Փոլ (33), իսկ Ուորիըրզէն` Քեւին Տիւրանթ (26): Փոխախոյեան Քլիվլենտ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, իր կարգին պարտութիւն մը կրեց, բայց քիչ մը ծանր ձեւով` 148-124 արդիւնքով:...

Անգլիական Ֆութպոլ. Առաջին Երեք Դիրքերը Գրաւող Խումբերը` Յաղթական

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, առաջին երեք դիրքերուն միջեւ կէտերու տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ, որովհետեւ այդ երեք դիրքերը գրաւած խումբերը` Մանչեսթըր Սիթի, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի, յաղթանակներ արձանագրեցին: Մեծագոյն յաղթականը եղաւ Չելսի, որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրայթընը: Էտեն Հազար նշանակեց լոնտոնեան կազմին երկու կոլերը: Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկները Սիթի իր յաղթանակը արձանագրեց Նիւքասըլի...

Ֆրանսա. Փարիզ Սեն Ժերմեն Առանց Նէյմարի Պարտուեցաւ Լիոնէն (2-1)

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, շաբթուան գագաթի ճակատումին, Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիոնի դաշտին վրայ: Հիւր կազմէն կը բացակայէր պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար (վիրաւոր): Լիոն - Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումէն Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Տանիել Ալվես 57-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները. Նանթ - Պորտօ 0-1 Ամիեն - Կենկան...

Սպանիա. Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ` Յաղթական

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Պարսելոնա իր դաշտէն դուրս բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ռէալ Պեթիսը: Իվան Ռաքիթիչ նշանակեց առաջին կոլը (59-րդ), մինչ երկուքական կոլ նշանակեցին Լիոնել Մեսսի (64-րդ, 80-րդ) եւ Լուիս Սուարեզ (69-րդ 89-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա 11 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ...

Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Վերտըր Պրեմընը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պայէրն այժմ 16 կէտի առաւելութիւն մը ունի իր ետին գտնուող չորս խումբերու վրայ: Պայէրն Միւնիխի մարզիկները Պայէրնէն, երկուքական կոլ նշանակեցին Թոմաս Միւլըր (41-րդ եւ 84-րդ) եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (63-րդ եւ 77-րդ): Մրցումին ներկայ...

«Քալչիօ». Ինթեր Միլան – Ա. Էս. Ռոմա` 1-1

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Ինթեր Միլան - Ա. Էս. Ռոմա երէկ գիշերուան գագաթի ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Ինթեր Միլան - Ա. Էս. Ռոմա մրցումէն 1-0 արդիւնքով ուշացած Ինթեր Միլան իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 86-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Մաթիաս Վեչինոյի: Ա. Էս. Ռոմա իր կոլը նշանակեց 31-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Սթեֆան Շարաուիի: Նափոլի (առաջին) ամրապնդեց իր դիրքը` 1-0...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շապապ Ղազիէ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու մրցումներ: Իժթիմահի, որ Թրիփոլիի մէջ հիւրընկալեց Շապապ Մաժտալ Այնճարը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իսկ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ Պըրժ, որ հիւրը եղաւ Ահլի Սայտայի, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կը կատարէ այսօր,...

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք.  Լիբանանեան Ճակատումը Աւարտեցաւ Ի Նպաստ Ռիատիի, Որ Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (91-89)

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Լիբանանեան Ճակատումը Աւարտեցաւ Ի Նպաստ Ռիատիի, Որ Յաղթեց ՀՄԸՄ-ին (91-89)

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին երկրորդ օրը` երէկ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ - Ռիատի լիբանանեան ճակատումը` ներկայութեամբ լիբանանցի բազմաթիւ համակիրներու, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց կազմերը: ՀՄԸՄ, որ այս մրցումը սկսաւ իր հիմնական կազմով` Ուոլթըր Հոճ, Սեմ Եանկ, Մաքրամ Պըն Ռամատան, Իսմայիլ Ահմետ եւ Էլի Շամուն, տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ, առաջին քորթըրին ունեցաւ տասը կէտի...

Page 880 of 1278 1 … 879 880 881 … 1,278

Արխիւներ