Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն, զօրաւոր նկատուող խումբեր Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ, պարտութիւններ կրեցին իրենց մրցակիցներէն:
Պարսելոնա, որ հիւրն էր Էսփանիոլի, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, երբ մրցումին աւարտէն 2 վայրկեան առաջ Օսքար Մելենտօ նշանակեց կոլ մը:
Մրցումին 61-րդ վայրկեանին, Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ Տիեկօ Լոփես զսպեց Լիոնել Մեսսիի հարուածած փենալթին:
Պարսա 2009-էն ի վեր չէր պարտուած Էսփանիոլէն, իսկ բաժակի մրցաշարքին գծով ասիկա եղաւ անոր առաջին պարտութիւնը` 1970-էն ի վեր:
Եթէ Պարսելոնա պարտուեցաւ իր դաշտին վրայ, սակայն Աթլեթիքօ Մատրիտ պարտուեցաւ իր հիւրէն` Սեւիլլայէն, 2-1 արդիւնքով:
Եթէ դարձի մրցումներուն անոնք երկուքը յաղթանակ չկարենան արձանագրել, (24-25 յունուար), դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն:



