Այսօր` հինգշաբթի, 18 յունուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ կը սկսի Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը` հինգ խումբ:
Այդ տասը խումբերուն կարգին են լիբանանեան երեք խումբեր` ՀՄԸՄ, Սաժես եւ Ռիատի:
Մրցաշարքին պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), որուն կը յաջորդէ Սաժեսի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբին միջեւ կատարուելիք մրցումը` ժամը 17:00-ին:
Ապա, ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Պոլ Ըպաւ Օլի դէմ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռիատի, երէկ մեկնեցան Տուպայ: Օր մը առաջ Լիբանանէն մեկնած էր Սաժեսի պատուիրակութիւնը:
Ըստ լիբանանեան եւ արաբական մամուլին, յոյսերը շատ մեծ են, որ լիբանանեան երեք խումբերը տիրապետեն մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն վրայ:



