Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ աւստրալիացի Նիք Քիրիոս իր ոչ մարզավայել կեցուածքին համար 3700 ամերիկեան տոլարի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Պրազիլցի Ռոժերիօ Տութրայի դէմ (1-64-րդ հանգրուան) իր արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (6-1, 6-2 եւ 6-4), ան վիճաբանեցաւ քիչ մը աղմուկ հանող հանդիսատեսի մը հետ` անոր հասցէին նախատական խօսքեր ուղղելով եւ լռութիւն պահանջելով: Ան նոյնիսկ վիճեցաւ իրաւարարին հետ` դժգոհելով, որ ան չի կրնար լռութիւն պահանջել հանդիսատեսներէն:



