Մարզական

Ռոնալտինիօ Պաշտօնապէս Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ռոնալտինիօ պաշտօնական յայտարարութիւն մը տարածելով յայտնեց, որ կ՛աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 37 տարեկան Ռոնալտինիոյին վերջին արհեստավարժ ակումբը եղաւ պրազիլական Ֆլումինենսէն, ուրկէ ան հեռացաւ սեպտեմբեր 2015-ին: 2002-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ռոնալտինիօ երկար տարիներ (այդ թուականէն ետք) մասնակցած է ցուցադրական եւ բարեգործական մրցումներու: Ան փետրուար 2017-էն ի վեր Պարսելոնայի դեսպանն է եւ կը ներկայացնէ քաթալոնական...

Թրքական Ֆութպոլ. Խմբային Ծեծկռտուք` Աղջկանց Մրցումի Մը Ընթացքին

Միջազգային շարք մը լրատու գործակալութիւններ երէկ անդրադարձան խմբային ծեծկռտուքի մը, որ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ աղջկանց ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին, որուն ընթացքին կատարուեցաւ մազերու քաշկռտուք, ինչպէս նաեւ ոտքերով եւ ձեռքերով իրարու հարուածելու ճակատամարտ մը: Ապահովութեան հսկող մարմիններ եւ դաշտին մէջ գտնուող ոստիկանները ստիպուած եղան միջամտելու, որպէսզի հանդարտեցնեն ծեծկռտուքին մասնակիցներուն կիրքերը: Այս մրցումին իրարու դէմ կռուեցան Պուրտուսփորի եւ Անթալիա Տեմիսփորի աղջիկ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Քախիա Եւ Ռըզք Հանդիպում Ունեցան Լիբանանցի Միջազգային Իրաւարարներուն Հետ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար փաստաբան Շարպել Միշել Ռըզք ընթրիքի երեկոյի մը ընթացքին հանդիպում ունեցան լիբանանցի միջազգային իրաւարարներուն հետ: Քախիա եւ Ռըզք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին անոնց` աւելցնելով, որ ֆետերասիոնը միշտ պիտի կանգնի անոնց կողքին: Ապա Քախիա եւ Ռըզք լսեցին իրաւարարներուն առաջարկները եւ պահանջները: Կողմերը յանձնառութիւն յայտնեցին միշտ աշխատիլ ի սպաս Լիբանանի պասքեթպոլի յառաջընթացին եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն Կրեց Տարեշրջանի Իր 16-րդ Պարտութիւնը` Պէյրութէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Թատամոն Զուք հիւրընկալեց Պէյրութը` Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ: Երէկուան մրցումէնPROFOTO Թատամոն, որ իր կազմին մէջ օտարական մարզիկներու փոփոխութիւն կատարած է, փորձեց արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, բայց ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ` կրելով տարեշրջանի իր 16-րդ յաջորդական պարտութիւնը` 77-70 արդիւնքով (15-18, 22-21, 17-20, 16-18): Իւրաքանչիւր անգամ, որ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք.  Կարէն Խաչանով Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք. Կարէն Խաչանով Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող եւ երկրին թենիսի դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Կարէն Խաչանով յաղթանակով սկսաւ Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը: Կարէն Խաչանով 21 տարեկան Խաչանով Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ երեք սեթերու ընթացքին 7-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց քանատացի իր մրցակիցին` Փիթըր Փոլանսքիի: 2 ժամ...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Թաատոտի Դաշտին Կարգադրութիւնները Սկսան` Լիբանան – Թայփէ Մրցումը Հիւրընկալելու Համար

3-4 փետրուարին Պէյրութի շրջանին մէջ գտնուող Թաատոտի դաշտը պիտի հիւրընկալէ Լիբանան - Թայփէ մրցումը, որ կ՛իյնայ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այս մրցումին յաղթականը իր դէմ պիտի ունենայ Իրան - Հոնկ Քոնկ մրցումին յաղթականը: Լաւ ձեւով հիւրընկալելու համար այս մրցաշարքը, երէկ սկսան Թաատոտի դաշտին կարգադրութիւնները, կարեւոր նկատուող նորոգութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւապէս...

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը

Մասնակցութեամբ տասը խումբերու, 18-26 յունուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի կ՛ունենայ Տուպայի 29-րդ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը: Մրցաշարքին մասնակցող խումբերն են. Ա. խմբակ - Սալա (Մարոք), Սաժես (Լիբանան), Նաժըմ Սահելի (Թունուզ), Ռետ Լայընզ (Ֆիլիփեաններ) եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբ: Բ. ԽՄԲԱԿ.- ՀՄԸՄ (Լիբանան), Ռիատի (Լիբանան), Նաժըմ Ռատեսի (Թունուզ), Պոլ Ըպաւ Օլ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) եւ Նասըր (Լիպիա): Մրցաշարքին պաշտօնական բացումը...

Հայկական Ֆութպոլ. Ռուբէն Հայրապետեան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ակումբներու Պատասխանատուներուն Եւ Մարզիչներուն Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութիւններուն մէջ հանդէս եկող ակումբներու պատասխանատուներուն եւ գլխաւոր մարզիչներուն հետ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան հետ կապուած հարցեր: Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի մարտին:

Նանթի Ֆութպոլիստին Զարկած Իրաւարարը Ժամանակաւորապէս Կախակայուեցաւ

Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած Նանթ - Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումին տեղի ունեցաւ դէպք մը, որուն ընթացքին դէպի իր բերդը վազելու պահուն Նանթի յետսապահ Տիեկօ Քարլոս սխալմամբ զարնուեցաւ օրուան կեդրոնի իրաւարար Թոնի Շափրոնին: Իրաւարարը ատոր ի տես նախ փորձեց ոտքով հարուածել Քարլոսին, ապա անոր տուաւ կարմիր քարտ մը: Մրցումէն ետք իրաւարարը խոստովանեցաւ, որ ան...

Լիբանանեան Բանակը Ամբողջացուց 2017-ի Իր Մարզական Տարեշրջանը

Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցած յատուկ ձեռնարկի մը ընթացքին Լիբանանեան բանակը ամբողջացուց 2017-ի իր մարզական տարեշրջանը եւ ներկայացուց իր զինուորականներուն կատարած իրագործումներն ու նուաճումները, ապա կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Նախքան մրցանակաբաշխութիւնը,...

Մեսսի Գերազանցեց Կերթ Միւլըրի Մրցանիշը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի Ռէալ Սոսիետատի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (19-րդ հանգրուան) նշանակեց իր կազմին չորս կոլերէն մէկը: 30 տարեկան Մեսսի, որ այսպիսով Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն նշանակեց իր 366-րդ կոլը, գերազանցեց գերմանացի յառաջապահ Կերթ Միւլըրի հաստատած մրցանիշը` Եւրոպայի հինգ կարեւոր ախոյեանութիւններէն (Անգլիա, Սպանիա, Գերմանիա, Իտալիա, Ֆրանսա) մէկուն ընթացքին իր նշանակած կոլերուն...

Ռայըն Կիկզ Կալեսի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ Նշանակուեցաւ

Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին ֆութպոլիստ Ռայըն Կիկզ համաձայն գտնուեցաւ ստանձնելու Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը: Ան չորս տարուան համաձայնագիր մը ստորագրեց Կալեսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: Քրիս Քրուլմանի հեռանալէն ետք (որ նշանակուեցաւ Սանտըրլենտի մարզիչ), Կալես մնացած էր առանց մարզիչի: Կալես չկրցաւ ապահովել 2018-ի մոնտիալի աւարտականի մրցումներուն իր տոմսը, գրաւելէ ետք Գ. խմբակին երրորդ դիրքը: Կիկզ, որ բաւական...

Փոլ Լամպերթ Նշանակուեցաւ Սթոք Սիթիի Մարզիչ

«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Սթոք Սիթի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Փոլ Լամպերթ նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Ան փոխարինեց Մարք Հիուճը, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ: 48 տարեկան սկովտիացին, որ 2,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, նախորդ տարեշրջանին Վուլվզի (Ա. դասակարգ) մարզիչն էր:    

Ռէալ Մատրիտի Նախագահը Ծախու Պիտի Հանէ Իր 9 Ֆութպոլիստները

Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես որոշեց այս տարեշրջանի աւարտին ծախու հանել ակումբին 9 ֆութպոլիստները, մանաւանդ որ ան իր կազմին կրած պարտութիւնը` Վիարէալէն (1-0) այդ ալ` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» իր մարզադաշտին վրայ, չկրցաւ մարսել: Նշուեցաւ, որ Փերես չ՛ուզեր իր կազմին մէջ պահել բերդապահ Քէյլոր Նաւասը, յետսապահներ Ռաֆայէլ Վարանը, Նաչօ Ֆեռնանտէսը, Մարսելինոն, Աշրաֆ Հաքիմը, միջնապահ Լուքա Մոտրիչը, յառաջապահներ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը ամբողջութեամբ դադարի մէջ պիտի չըլլայ` նկատի ունենալով, որ տեղի պիտի ունենան կարգ մը մրցումներ, հակառակ անոր որ լիբանանեան երեք խումբեր կը մասնակցին Տուպայի միջազգային մրցաշարքին: 16-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 16 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, իր դաշտին` «Նուհատ Նաուֆալ»-ի մէջ (Զուք), Թատամոն պիտի հիւրընկալէ Պէյրութը: Դասաւորման վերջին դիրքին վրայ գտնուող եւ ցարդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլին Համար Իւրայատուկ Քայլ Մը. Քախիա – Ռըզք – Հալապի` Եռակողմանի Հանդիպում

Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբին նոր նախագահ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Աքրամ Հալապի, իր գրասենեակին մէջ յատուկ եռակողմանի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքի հետ: Ինչպէս ծանօթ է, վերջին քանի մը ամիսներուն, յարաբերութիւնները բաւական ցրտացած էին ֆետերասիոնին անդամներուն միջեւ: Այս եռակողմանի հանդիպումը կայացնելով` Հալապի փորձեց հաշտութեան առիթ ստեղծել անոնց միջեւ, որ...

Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Ակադեմիայի (Ապպա) Ընդհանուր Տնօրէն Աւօ Գաթրճեան Կը Պարգեւատրուի Հալէպի Մարզական Ֆետերասիոնին Կողմէ

2017-ի վերջը, Հալէպի Մարզական ընդհանուր ֆետերասիոնը պարգեւատրեց Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու ակադեմիայի (ԱՊՊԱ) ընդհանուր տնօրէն Աւօ Գաթրճեանը: Հալէպի ֆետերասիոնի անդամ, մարտարուեստի գրասենեակի նախագահ Նուրէտտին Թեֆնեքճի Հալէպի ֆետերասիոնին կողմէ յատուկ պատուոյ գիր յանձնեց Աւօ Գաթրճեանին: Թեֆնեքճի շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր արտասանեց Հալէպի մէջ Քոնկ Ֆու-ուու շուի զարգացման հոլովոյթին մէջ Աւօ Գաթրճեանի ցուցաբերած տքնաջան աշխատանքին համար: Այս առիթով, հակիրճ տեղեկութիւն կը ներկայացնենք...

Պասքեթպոլ. Տուպայի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Եւ Ռիատի Մաս Կազմեցին Նոյն Խմբակին

Երէկ` երկուշաբթի, 15 յունուարին, տեղի ունեցաւ Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տասը խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի (իւրաքանչիւրը` հինգ խումբ): Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 18-26 յունուարին: Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանեան երեք խումբեր` ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես կը մասնակցին մրցաշարքին: Վիճակաձգութեան արդիւնքին լոյսին տակ, ՀՄԸՄ եւ Ռիատի մաս կազմեցին նոյն խմբակին:...

Լիբանանի Աղջկանց Ֆութպոլ. Զուք Մոսպեհ Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով Բաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աղջկանց ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը` Զուք Մոսպեհի եւ Սթարզ Աքատեմիի միջեւ: Լուսանկարը տրամադրեցԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Զուք Մոսպեհ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիտղոսը պահեց իր մօտ, երբ բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Զուքի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց խմբապետ Նենսի Չայլեան, 5-րդ վայրկեանին: Ապա ան նշանակեց երկրորդ կոլ...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք.  Վինըս Ուիլիըմզ` Առաջին Օրուան Զոհերուն Կարգին

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Բաց Մրցաշարք. Վինըս Ուիլիըմզ` Առաջին Օրուան Զոհերուն Կարգին

Երէկ` երկուշաբթի, 15 յունուարին, Մելպուռնի մէջ սկիզբ առաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի շարք մը մրցումներ: Պելինտա Պենսիչ Առաջին օրուան զոհերուն շարքին եղաւ 5-րդ դասուած ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ, որ 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով կրեց քիչ մը անակնկալ պարտութիւն մը` 78-րդ դասուած զուիցերիացի Պելինտա Պենսիչէն: Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 53': 20 տարեկան զուիցերիացին,...

Page 882 of 1278 1 … 881 882 883 … 1,278

Արխիւներ