Միջազգային լրատու գործակալութիւններ երէկ հաղորդեցին, որ Հարաւային եւ Հիւսիսային Քորէայի ներկայացուցիչները Փհենչհանի ձմեռնային 2018-ի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան շքերթին պիտի մասնակցին ընդհանուր պատուիրակութեամբ եւ միասնական դրօշակով:
Հիւսիսային Քորէա պիտի ունենայ 150 մարզիկ: Ասկէ բացի, Հարաւային Քորէա ցամաքի ճամբով պիտի ժամանեն 230 լրագրողներ եւ համակիրներ:
Հաքիի մրցումներուն երկու Քորէաներուն աղջկանց խումբերը պիտի մասնակցին մէկ հաւաքականով:
Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունենալիք այս ողիմպիականը կը սկսի 9 փետրուարին եւ կ՛աւարտի 25 փետրուարին:
Նախապէս երկու Քորէաները, 2006-ի ողիմպիական խաղերու բացման մասնակցած էին միասնական դրօշակով:


