Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 18 յունուարին տեղի կ՛ունենայ Պիպլոս – Լուէյզի մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ, Ժիպէյլ:
Ներկայ դրութեամբ Պիլպլոս, որ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 13 պարտութիւն, կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 9-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Իսկ Լուէյզի, որ կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ, արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած 10 պարտութիւն:


