Սուրի մէջ Հարաւային Քորէայէն եկած թեքուանտոյի յատուկ մարզիչներ սկսան մարզել ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ խումբը, որ ներկայիս կ՛ընդգրկէ 50 անձ:
Անոնց նպատակն է մարզել ներքին ապահովութեան ուժերու այս խումբը, որպէսզի Լիբանան կարենայ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել այս տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք միջազգային տարբեր տեսակի մրցաշարքերու, որոնք շուտով սկիզբ պիտի առնեն:
Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային անոնք մարզեն նաեւ այլ խումբեր:



