Ուքրանացի 15 Տարեկան Քոսթիուք Հասաւ Գ. Հանգրուան

Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, երէկ Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող 21 տարեկան Կարէն Խաչանով չկրցաւ յաղթահարել այս հանգրուանը, երբ 4 սեթի ընթացքին պարտութիւն մը կրեց արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոյէն` 4-6, 6-7, 7-6 եւ 4-6 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ 50 վայրկեան:
Սերպ Նովաք Ճոքովիչ 4-6, 6-3, 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց իր ֆրանսացի մրցակից Կայել Մոնֆիսին:
Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ 6-3, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց արժանթինցի Լէոնարտօ Մայըրը:

Աղջկանց մրցումները յատկանշուեցան 15 տարեկան ուքրանացի Մարթա Քոսթիուքի արձանագրած յաղթանակով, որ 4-6, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց չեխ Քաթերինա Սինիաքովան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ան հանդիսացաւ ամէնէն երիտասարդ թենիսվումընը, որ 1997-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը հասնի Գ. հանգրուան:
Աղջկանց դասաւորման մէջ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Կապրին Մուկուրուցա (Սպանիա), անակնկալ պարտութիւն մը կրելով Թայուանը ներկայացնող Սի Սուվէէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Ռուս Մարիա Շարափովա կրցաւ շրջանցել Բ. հանգրուանի այս արգելքը, երբ 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց Անասթասիա Սեւասթովային (Լաթվիա): Գ. հանգրուանին Շարափովա կը մրցի գերմանացի Անճելիք Քերպըրի դէմ:


