Հայաստանի յառաջատար հեծելանւորդ Էտկար Ստեփանեան «Նիուզ.ամ-սփոր»-ին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը չի բերեր, որովհետեւ Հայաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը չկրցաւ նիւթական միջոցներ ապահովել, որպէսզի ինք կարենայ անոր մասնակցիլ:
Բաժակի այս մրցաշարքը պիտի ըլլայ վերջինը, նախքան փետրուարին հրապարակուելիք աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունք ստանալիք լաւագոյն 24 հեծելանւորդներուն ցանկը:
«Նիւթական հարցերու պատճառով չեմ կրնար մասնակցիլ այս մրցաշարքին: Ներկայ դրութեամբ կը գրաւեմ 16-րդ դիրքը: Հրապարակուելիք վերջնական դասաւորման մէջ յոյս ունիմ, որ առաջին 24-էն դուրս չեմ մնար, այլապէս պիտի բացակայիմ աշխարհի հեծելարշաւի ախոյեանութենէն, որուն համար բնականաբար պիտի տխրիմ», ըսաւ Ստեփանեան:



