Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ երէկ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ, յայտնեց քաթալոնական խումբին պաշտօնական կայքը:
Փիքէի նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022: Իսկ 30 տարեկան ֆութպոլիստը իր կըազմին միացնել ուզողը Պարսելոնային պիտի վճարէ 500 միլիոն եւրօ հրաժարագին:
Ան քաթալոնական կազմին հետ 421 պաշտօնական մրցումի ընթացքին նշանակած է 36 կոլ եւ կատարած 8 էսիսթ:



