«Չեմփիընզ-Լիկ». Մեսսի` Չելսիի Մղձաւանջը. Կէօնիւլ Իր Խումբին` Պեշիքթաշի
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Պարսելոնա - Չելսի 3-0 Այս խումբերուն միջեւ երթի մրցումը աւարտած էր 1-1 արդիւնքով: Այնպէս, որ Չելսի տակաւին կրնար անակնկալ մը ընել... սակայն Պարսելոնայի աստղը` Մեսսի այլ բան կը մտածէր: Ան տակաւին երեք վայրկեան չեղած նշանակեց կոլ մը եւ 20-րդ վայրկեանին դաշտին կեդրոնէն խլելով գնդակը Չելսիի...







