Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ-Լիկ». Մեսսի` Չելսիի Մղձաւանջը. Կէօնիւլ Իր Խումբին` Պեշիքթաշի

March 15, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ:

Պարսելոնա – Չելսի 3-0

Այս խումբերուն միջեւ երթի մրցումը աւարտած էր 1-1 արդիւնքով: Այնպէս, որ Չելսի տակաւին կրնար անակնկալ մը ընել… սակայն Պարսելոնայի աստղը` Մեսսի այլ բան կը մտածէր: Ան տակաւին երեք վայրկեան չեղած նշանակեց կոլ մը եւ 20-րդ վայրկեանին դաշտին կեդրոնէն խլելով գնդակը Չելսիի Ֆապրեկասէն, ձախ կողմէն սուրաց դէպի բերդ եւ իր վրայ քաշելով լոնտոնեան կազմի յետսապահները, գնդակը ուղարկեց աջ կողմ բոլորովին առանձին մնացած Տեմպելէին, որ ռմբակոծեց Չելսիի բերդը: Մինչ այդ, սակայն, առաջին կոլէն ետք, Չելսի յաջողած էր տիրապետել` խաղը տեղափոխելով Պարսելոնայի կիսադաշտ եւ երկու անգամ դէպի բերդ ուղղակի հարուածելով: Չելսի շարունակեց պայքարիլ երկրորդ կիսախաղին եւս, ունեցաւ դիրքային առաւելութիւններ, սակայն ստեղծուած առիթները չկրցաւ կոլի վերածել: Եւ ինչպէս միշտ կը պատահի, Պարսելոնա, որ երկրորդ կիսախաղին նուազ աշխուժ էր, 63-րդ վայրկեանին հակայարձակում մը կազմակերպեց գլխաւորութեամբ Սուարեզի, որ գնդակը փոխանցեց Մեսսիի, Չելսիի քառակուսիի գիծին մօտ: Մեսսի շատ արագ անցաւ զինք հսկող Ազպիլիքուեթան եւ կրկին բերդապահ Քուրթուազի ոտքերուն մէջէն նշանակեց Պարսելոնայի երրորդ, այս մրցումին իր երրորդ եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր 100-րդ կոլը:

Պեշիքթաշ-Պայէրն Միւնիխ 1-3

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած այս դարձի մրցումին, Պեշիքթաշ անկարելի առաքելութիւն մը կը դիմագրաւէր: Միւնիխի մէջ թրքական խումբը պարտուած էր 5-0 արդիւնքով, իսկ Պեշիքթաշի ամէնէն հաւատաւոր եւ լաւատես համակիրը անգամ հրաշքի չէր հաւատար: Այդպէս ալ եղաւ, Պայէրն Միւնիխ յաղթեց 3-1 արդիւնքով: Պեշիքթաշի մարզիկներէն Կէօքհան Կէօնիւլ սխալմամբ իր բերդին մէջ ուղարկեց գնդակը: Խեղճը հիմա կրնայ իբրեւ կիւլենական մեղադրուիլ…:

 

Նախորդը

Ճատրակ. Յաւակնորդներու Մրցաշարք. Արոնեան Յաղթեց Քարիաքինի

Յաջորդը

Նշմար. Մեկնաբանին Թուքը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.