Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի երրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երրորդ անգամն ըլլալով աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, այս անգամ` 84-39 արդիւնքով (22-8, 21-10, 26-9, 15-12):

Այսպիսով, ՀՄԸՄ ապահովեց աւարտականին իր տոմսը, որուն ընթացքին կը մրցի Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ խաղին յաղթողին դէմ:
Այսօր տեղի ունենալիք երրորդ մրցումին Ռիատի դաշտ կը ներկայանայ 2-0 արդիւնքով Անդրանիկին գերազանցելով:
Երէկուան մրցումին Ելենա Լուշենքա տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (16 կէտ, 15 ռիպաունտ), մինչ 17 կէտ նշանակեց Ճեսիքա Պրիլենտ:
13-ական կէտ նշանակեցին Նաթալի Սվաճեան եւ Ռեպեքա Աքըլ, մինչ 11 կէտ` Մեղրի Թորոսեան: