Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ), Հուփս ակումբը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Անթուան Շարթիէի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը, կիրակի, 11 մարտին կատարուած գեղարուեստական ճոխ յայտագիրէ մը ետք:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունենալիք այս տարիքային մրցաշարքը կազմակերպուած է Սփորթց Մանիա ընկերութեան կողմէ:
20 ակումբներու 800 մարզիկները պիտի մասնակցին հետեւեալ դասակարգերու մրցումներուն:
16 տարեկանէն վար (2002-2003), 14 տարեկանէն վար (2004-2005), 12 տարեկանէն վար (2006-2007) եւ 10 տարեկանէն վար (2008-2009):
Նշենք, որ մրցումները տեղի պիտի ունենան Միշել Մըրի համալիրին եւ Հուփս Հազմիէի ակումբին մէջ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ անձեր, որոնց կարգին` Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Պէյրութ ակումբի նախագահ Նետիմ Հաքիմ, Մութթահետ ակումբի նախագահ Ահմետ Սաֆատի եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Նշենք, որ բացման հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցան շարք մը մրցումներ, որոնք ընթացան բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մը մէջ: