Նախորդ շաբաթավերջին Պերլինի մէջ ազդանշանը տրուեցաւ աշխարհի ճատրակի հաւակնորդներու ախոյեանի մրցաշարքին, որուն յաղթականը իրաւունք պիտի ստանայ 9-28 նոյեմբերին, Լոնտոնի մէջ կայանալիք մրցաշարքին մրցելու աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ` աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար:
Հայաստանի նախագահ եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ներկայ էր բացման մրցումին, իր կատարած խորհրդանշական քայլով ազդանշանը տուաւ Լեւոն Արոնեան (Հայաստան) – Տին Լիրեն (Չինաստան) ճակատումին:
Ներկայ էր նաեւ արհեստավարժ կռփամարտիկ, աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ:
Արոնեան առաջին մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Հայրենի կրանտմասթըրը երկրորդին եւս հաւասարեցաւ, այս անգամ ազերի Շահրիար Մամետիարովի հետ (24-րդ շարժումին):
Երկու շրջանով կատարուելիք յաւակնորդներու մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 420 հազար եւրօ:



