Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Լուէյզի վարժարանին մէջ (Զուք Մոսպեհ), Լիբանանի Այքիտոյի ֆետերասիոնը կատարեց 2017-ի քննութիւններուն յաջողած մարզիչներուն վկայագիրներուն տուչութիւնը. անոնք թիւով եղան տասը:
Այս վկայագիրներու տուչութեան ներկայ եղան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, այլ ֆետերասիոններու նախագահներ եւ մարզական լրագրողներ:
Վկայագիր ստացած այդ տասը մարզիչներն են.
Յակոբ Ռուսիալեան, Էլի Պաաքլինի, Պիլալ Մասրի, Ռապիհ Այյուպի, Միլետ Մանսուր, Ժորժ Ֆրանսիս, Ռոլան Իտ, Սելիմ Սուրի, Ժատ Ժըրժես եւ Մարուն Ֆախրի:
Աւարտին շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ Լուէյզիի, որ հիւրընկալեց այս ձեռնարկը:



