Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Շապապ Մաժտալ Այնճար – ՀՄԸՄ

Այսօր` շաբաթ, 17 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին համար կ՛աւարտի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը, երբ խումբը կը կատարէ իր վերջին մրցումը Խիարայի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, հիւրը ըլլալով Շապապ Մաժտալ Այնճարի:

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Մրցաշարքերուն Վիճակաձգութիւնը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Մրցաշարքերուն Վիճակաձգութիւնը

- Ռէալ Մատրիտ – Եուվենթուս Քառորդ Աւարտականի Տաք Ճակատում - Անգլիական Խումբերը` Իրարու Դէմ Երէկ յետմիջօրէին Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերու քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Առաջինին պարագային, անգլիական երկու խումբեր` Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան: Տաք ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս: Պարսելոնա պիտի...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Մայատինը

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անտաքըթ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի մրցումները կը սկսին վաղը` կիրակի, 18 մարտին: Այդ մրցումներուն մասնակցող վեց խումբերն են` ՀՄԸՄ Պէյրութ, Ապնաա Շեքքա, Մուաուատ, Քալաաթ Թըպնին, Մաշաալ Պըտնայել եւ Անտաքըթ: ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը իր առաջին մրցումը կը կատարէ Անտաքըթ խումբին դէմ, երբ վաղը` կիրակի, 18 մարտի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, կը մրցի անոր դէմ, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Առաջին Մրցումը` Չորեքշաբթի, 21 Մարտին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական չորս մրցումներուն յայտագիրը: Ինչպէս ծանօթ է, աւարտականին իրարու դէմ պիտի ճակատին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 21 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Երկրորդ մրցումը պիտի կատարուի ուրբաթ, 23 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի...

«Էն. Պի. Էյ.». Ցարդ Միայն Չորս Խումբեր Ապահոված Են Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, ցարդ միայն չորս խումբեր ապահոված են փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Այդ չորս խումբերն են` Թորոնթօ Ռեփթըրզ, Պոսթըն Սելթիքս (Արեւելեան շրջան), Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (Արեւմտեան շրջան): Ցարդ փլէյ-օֆէն վերջնականապէս դուրս մնացած կազմերն են` Պրուքլին Նեթց, Օրլանտօ Մեճիք, Աթլանթա Հոքս (Արեւելեան շրջան), Տալաս Մավըրիքս, Սաքրամենթօ Քինկզ, Ֆէոնիքս...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Ազգային Խումբը Պիտի Սկսի Պատրաստուիլ Մալեզիոյ Դէմ Կատարուելիք Մրցումին

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, մոնթենեկրոցի Միոտրակ Ռատոլովիչ հրապարակեց 23 մարզիկներու անունները, որոնք երկուշաբթի, 19 մարտին պիտի սկսին իրենց փորձերուն` պատրաստուելու համար երեքշաբթի, 27 մարտին, Մալեզիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ: Այս մրցումը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ զտումի վերջին ճակատումը:

Թենիս. Տէյվիս-Քափ. Լիբանան – Հոնկ Քոնկ Մրցումը` 7-8 Ապրիլին

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ Լիբանան - Հոնկ Քոնկ մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա - Ովկիանիա թենիսի Տէյվիս-Քափի կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 7-8 ապրիլին, Լուէյզիի համալսարանին մէջ (Զուք Մոսպեհ): Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան փետրուարի սկիզբը 3-2 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Թայփէի դէմ: Ֆետերասիոնը նշեց նաեւ, որ Լիբանան - Հոնկ Քոնկ մրցումին գծով յառաջիկային յաւելեալ տեղեկութիւններ...

Հայկական Պասքեթպոլ. Վաղը Կը Սկսին Կիսաւարտականի Հանդիպումները

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Ա. լիկա»-ի կիսաւարտականի մրցումները կը սկսին վաղը` կիրակի, 17 մարտին: Արթիկ կը մրցի ՖԻՄԱ-ի դէմ, մինչ երկրորդ մրցումին իրարու դէմ կը ճակատին Ուրարտու եւ Արցախ: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ կիսաւարտականի առաջին մրցումներուն գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.  Արդիւնքներու Վաւերացում, Տուգանքներու Սահմանում Եւ Կախակայումներ

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շաբաթավերջին Կ՛աւարտին Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մրցումները

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Մրցումները պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 20-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՈՒՐԲԱԹ, 16 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Սալամ Զղարթա - Ախա Ահլի Ալէյ 14:15 Զղարթա Ահտ - Սաֆա 16:00 Սայտա ՇԱԲԱԹ, 17 ՄԱՐՏ     Անսար - Նըժմէ 16:00 Մարզական Աւան ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՄԱՐՏ     Թրիփոլի...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջին Տեղի Ունենալիք Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2017 - 2018 տարեշրջանին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները տեղի պիտի ունենան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, շաբաթ 17 եւ կիրակի 18 մարտ 2018-ին: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջի յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ, 17 ՄԱՐՏ 2018 ԺԱՄ Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան -Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան 00/01/02-ի ծնունդ տղաք 1:00 Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց...

«Եուրոփա Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Իր Խումբին` Արսենալի Հետ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն, երէկ գիշեր Արսենալ երթին նման յաղթանակ մը արձանագրելով Ա. Սէ. Միլանի դէմ, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Արսենալ, որ երթին Իտալիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան մրցումին արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Տենի Ուելպեք տուպլէ մը իրագործեց: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Արսենալի հիմնական կազմին հետ...

Ձիավարութիւն. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Բացուած Յայտարարեց 2018 Տարեշրջանը

Ներկայութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի նախագահ զօր. Սուհէյլ Խուրիի, Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնը բացուած յայտարարեց 2018 տարեշրջանը` կատարելով առաջին հանգրուանի իր մրցումը, որ եղաւ արգելարշաւի հանգրուանը, Մաշրեք ակումբին ձիավարութեան յատուկ վայրին մէջ: Առաջին դիրքը գրաւեց Պասիմա Պուքթի (Տըպպայէ Քաունթրի Քլապ), որ իր նժոյգին` Էտըլֆիի հետ արձանագրեց բաւական տպաւորիչ արդիւնք, 135 արգելապատնէշներ անցնելու ընթացքին ոչ մէկ սխալ գործելով: Աւարտին Պուքթի իր բաժակը ստացաւ...

Սուսերամարտ. 2018 Տարեշրջանը Սկսաւ Առաջին Հանգրուանի Մրցումներով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2018 տարեշրջանի բացման Ա. հանգրուանը, երբ տեղի ունեցան չորս դասակարգի տարբեր տեսակի ախոյեանութեան մրցումները: Առաւելագոյն 15 ոսկի մետալներէն 10-ին տիրացաւ Մոն լա Սալ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն, մարզիկներուն ծնողներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Դպրոցական Մրցաշարք.  Շանվիլ Տիրացաւ Պասքեթպոլի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Դպրոցական Մրցաշարք. Շանվիլ Տիրացաւ Պասքեթպոլի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Բաւական հետաքրքրական եւ տաք մրցումէ մը ետք աւարտեցաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին կազմակերպած դպրոցական պասքեթպոլի մրցաշարքը, երբ աւարտականին Շանվիլ 69-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սաժես Հայ Սքուլին դէմ, Լուէյզիի ակումբին մէջ (Զուք Մոսպեհ): Այս մրցաշարքը կազմակերպեց եւ մրցումներուն դասաւորումները կատարեց «Սփորթց-Մանիա» ընկերութիւնը: Մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Սիմոն Տըրղամ (Շանվիլ), լաւագոյն մարզական ոգիի տիտղոսին` Լուէյզի, լաւագոյն խմբապետը նկատուեցաւ Միշել Թապեթ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – Անդրանիկ Պէյրութ Աւարտականը` Կիրակի, 18 Մարտին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կիրակի, 18 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին աւարտականը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ:

Թենիս. Արեւմտեան Ասիոյ 12 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւնը` Լիբանանի Մէջ

25-31 մարտին Կոլֆ ակումբին մէջ (Պէյրութի շրջան) տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ասիոյ թենիսի կրտսերներու տղոց եւ աղջկանց 12 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը: Անոր արդիւնքին լոյսին տակ, առաջին երկու դիրքերը գրաւող կազմերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսը, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ այս տարեվերջին` Ղազախստանի մէջ: Այս ախոյեանութեան մասնակցող Լիբանանի տղաքը պիտի ըլլան Ֆրետի Սթեֆան, Ֆետի Պայտան եւ Ուիլիըմ Ժատ, իրենց...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ ընդունած է Լեռնալիբանանի նահանգի յանձնախումբի փոխնախագահ Քրիսթիան Ղոշի հրաժարականը: Վերջինս հրաժարած էր անձնական պատճառով: Ֆետերասիոնի անդամ Ուիսամ Շիրի պիտի գլխաւորէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ պիտի մեկնի Շուէտ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 29 ապրիլէն 6 մայիս տեղի ունենալիք փինկ փոնկի աշխարհի ախոյեանութեան: Ֆետերասիոնը ազդարարեց մարզիկ Մոհամետ Հապաշը, որ առանց իր արտօնութեան Սաատէտտին...

Հայկական Ֆութպոլ. Արժանթինցի 5 Մարզիչներ Պիտի Աշխատին Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ արժանթինցի 5 մարզիչներ պիտի աշխատին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ: Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի գլխաւորէ Ֆեռնանտօ Արիել Պաթիսթա, որ նախապէս աշխատած է Արժանթինի 20 տարեկանէն վար խումբին հետ: Կապրիել Տարիօ Տի Նոյա նշանակուեցաւ 17 տարեկանէն վար խումբի գլխաւոր մարզիչ, իսկ Քրիսթիան Լէոնարտօ Փալանտելա` 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներու ֆիզիքականի մարզիչ: Նիքոլա...

Իտալական Ֆութպոլ. Ասքոլիի Համակիրները Խոշտանգեցին Իրենց Խումբին Երկու Ֆութպոլիստները

Իտալական «Սերի-Բ.»-ի մէջ հանդէս եկող Ասքոլիի ֆութպոլի համակիրները խոշտանգեցին իրենց խումբին բերդապահը` Վինչենցօ Վենտիթին եւ միջնապահ Սամուէլէ Փարլաթին, յայտնեց իտալական մամուլը: Մինչ ֆութպոլիստները տուն կը վերադառնային Վենեցիայէն իրենց կրած պարտութենէն ետք (1-0), շուրջ տասը համակիրներ նախ խոշտանգած են վերոնշեալ ֆութպոլիստները, ապա պահանջած քանի մը սպառնալիք փոխանցել իրենց խմբակիցներուն: Հետաքրքրականը այն է, կը յայտնէ «Ֆութպոլ Իթալիա», որ Փարլաթթի այս տարեշրջանին մասնակցած...

Նշմար. Մեկնաբանին Թուքը

ԹՈՐԳՈՄ Համաշխարհայնացման բարիք-չարիքներէն է պատկերասփիւռի մարզական կայաններու եւ կայքերու տարածումը: Ատոնք այնքան բազմացած եւ շահաբեր դարձած են, որ մեծաքանակ լրագրողներու, աշխատակիցներու, նկարիչներու եւ հաղորդավարներու անմիջական կարիքը կայ, ուրեմն կամաւորները, կամակորները, կամազուրկները գործի լծած են: Անշուշտ իրենք զիրենք յարգող քանի մը վաւերական ընկերութիւններ եւ աշխատակիցներ միշտ կը պահեն արժէք մը, սակայն բազմաթիւ են անմակարդակ հաղորդումները, ենթակայական մեկնաբանութիւնները, մեկնաբան նկատուած անբանները: Հեգնական...

Page 859 of 1278 1 … 858 859 860 … 1,278

Արխիւներ