Խիստ Մարզիչը…
. Խումբի մը մարզիկները դժգոհ են իրենց մարզիչէն, որ շատ խիստ է եւ ծանր մարզումներու կ՛ենթարկէ զիրենք: Մարզիկներէն մէկը խմբակիցներուն հպարտութեամբ կ՛ըսէ.
– Երէկ մտայ մարզիչին գրասենեակը եւ բերանս ինչ որ եկաւ ըսի, պոռացի, կանչեցի:
– Մարզիչը ի՞նչ ըսաւ:
– Մարզիչը գրասենեակին մէջ չէր:
«Ձեր Դէմքը Ծանօթ Է»
. Երգչուհի, դերասանուհի Պիոնսէ, «Էն.Պի.Էյ.»-ի մրցումի մը ընթացքին դաշտէն կը հետեւի խաղին: Քովը նստած անձ մը անոր կը հարցնէ.
– Ձեր դէմքը շատ ծանօթ է, տեղ մը տեսած եմ:
Պիոնսէ կ՛ըսէ.
– Զիս ալ տեսած ըլլալու էք, ես միշտ դէմքիս հետ եմ:
Հայր Ու Տղայ Իրարու Նման…
– Տղա՛ս, ա՞յս է քու ակումբդ:
– Այո՛, պապ:
– Ես ալ այս ակումբը կու գայի 20 տարի առաջ:
– Հա՜… մեր մարզիչը կ՛ըսէր, որ ինծի պէս տխմար մը այս ակումբին մէջ ասկէ 20 տարի առաջ ալ եղած է:
Կոլ Նշանակելը Աւելի Դիւրին Էր
Կրնա՞ք հաւատալ, որ կոլ չէ նշանակած…