Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, տեղի կ՛ունենան հետաքրքրական երկու ճակատումներ:
Առաջինին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ռիատին, մինչ Տիք Մըհտիի մէջ, Սաժես հիւրը կ՛ըլլայ Շանվիլին:
Երկու մրցումներն ալ սկիզբ պիտի առնեն ժամը 20:30-ին:
Նկատի ունենալով, որ նախապէս Ա. հանգրուանին խումբերուն ձեռք ձգած կէտերուն վրայ կ՛աւելնան այս Բ. հանգրուանի կէտերը, իւրաքանչիւր խումբ պիտի փորձէ յաղթանակ արձանագրել, որպէսզի կարենայ ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն աւելի լաւ դիրքով սկսիլ իր մրցումներուն եւ օգտուիլ իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն առաւելութենէն: