Մարզական

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Լիլի Համակիրները Յարձակեցան Իրենց Խումբին Ֆութպոլիստներուն Վրայ

Միջազգային մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին անդրադարձաւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած Լիլ - Մոնփելիէ 29-րդ հանգրուանի մրցումէն ետք (1-1) կատարուած անկարգութեան: Իրենց կազմին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն ի տես, Լիլի շուրջ հարիւր համակիրներ, ներխուժելով դաշտ, յարձակեցան իրենց ակումբին ֆութպոլիստներուն վրայ: Վնասուածքներ ստացան Նիքոլայ Փեփէ եւ Ատամա Սումաորա, մինչ ակումբի նախագահ Ժերար Լոփեզի հասցէին ուղղուեցան բաւական ծանր խօսքեր: Լիլ այժմ 28 կէտով...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Վերադարձաւ Տիք Մըհտիէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Շանվիլ Տիք Մըհտի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին` ՀՄԸՄ-ի տպաւորիչ յաղթանակով: Ան 14 կէտի տարբերութեամբ` 92-78 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը (15-24, 16-25, 23-21, 24-22): Շանվիլ միայն մրցումին սկիզբը 4-0 արդիւնքով գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը, մինչ մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմը նոյնիսկ 20 կէտի առաւելութիւն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Եւ Ռիատի Պէյրութ Կ՛ուղղուին Աւարտական Հանգրուան

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ իրենց երկրորդ յաղթանակները արձանագրելով ներկայիս կ՛ուղղուին դէպի աւարտական հանգրուան: Շաբաթ, օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ) մրցեցաւ Հուփսի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ` 62-46 արդիւնքով (11-18, 12-14, 11-19, 12-11): ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ելենա Լիւշենքա (26 կէտ, 16...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Հաստատ Քայլերով Բարձրացաւ Բ. Դասակարգ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, այլ յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Բ. դասակարգի իր տոմսը: Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դաշտին վրայ երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները իրենց յաղթանակը արձանագրեցին Ֆիտաա Սայտայի դէմ` 59-41 արդիւնքով (8-15, 24-28, 46-36, 59-41): Կը շնորհաւորենք...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլ Եւ Դաշտային Խաղեր

Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի աւարտական մրցումները տեղի ունեցան շաբաթ, 10 մարտ 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ. մրցումներու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որ կատարեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի ներկայացուցիչ Աշոտ Թասլաքեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք մրցումներուն արդիւնքները. Հինգշաբթի, 8 մարտ 2018 Մեսրոպեան - Յառաջ (2004/2005-ի ծնունդ) 4-1 Ս. Խաչ-Հարպոյեան - Մեսրոպեան (2002/2003-ի ծնունդ)...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտուեցաւ, ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ օր Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - «Էյ. Եու. Էս. Թի.» մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Հայկ Խաչերեան: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.   ՄՐՑ.   ԿԷՏ 1.- Զուք Մոսպեհ 14 39 2.- «Էյ. Եու. Էս. Թի.» 15...

«Փրեմիեր Լիկ». Մխիթարեան Կոլ Մը Եւս Նշանակեց Արսենալի Հետ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումները: Արսենալ, որ 59 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրընկալեց Ուաթֆորտը, 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձեալ փայլեցաւ իր կազմին` Արսենալի հետ, երբ նշանակեց մրցումին երրորդ կոլը (77-րդ), ինչպէս նաեւ նշանակուած երկրորդ կոլին էսիսթը կատարեց: Ան փոխարինուեցաւ 78-րդ վայրկեանին:  

Ռիատի Ակումբի Ընտրութիւններ. Մազեն Թապպարա Ընտրուեցաւ Նախագահ

Երէկ` կիրակի, 11 մարտին Մանարայի մէջ տեղի ունեցան Ռիատի ակումբի ընտրութիւնները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ակումբին 325 անդամներէն 228-ն: Ժողովին օրինականութիւնը ապահովելու համար 217 անդամին կարիքը կար: Ընտրութիւններուն նախօրեակին, նկատի ունենալով, որ թեկնածու ներկայացած Սելիմ Ռամատան յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը, Մազեն Թապպարայի գլխաւորած ցանկը ամբողջութեամբ ընտրուած նկատուեցաւ մրցակիցի չգոյութեան պատճառով: Մազեն Թապպարա ընտրուեցաւ նախագահ, մինչ մնացեալ պաշտօններու բաժանումը տեղի ունեցաւ...

Գործակցութեան Համաձայնագիրի Կնքում` Լիբանանի Եւ Քաթարի Ֆութպոլի Ֆետերասիոններուն Միջեւ

Շաբաթ, 10 մարտին, «Քեմփինսքի-Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գործակցութեան յատուկ համաձայնագիրի կնքում` Լիբանանի եւ Քաթարի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն միջեւ: Լուսանկարը ՏրամադրեցԹալալ Սալման Այդ համաձայնագիրը կնքեցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար եւ Քաթարի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Շանվիլ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմը Տիք Մըհտիի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ Շանվիլի: Նոյն օրը եւ նոյն ժամուն, Զուք Մոսպեհի մէջ Լուէյզի կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Իսկ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Սաժեսը: ՀՄԸՄ-էն կ՛ակնկալուի վաղը ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել` ամուր կառչած...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Նասեր Պար Էլիաս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Նասեր Պար Էլիասի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Խիարայի դաշտին վրայ (Պեքաա), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-էն կ՛ակնկալուի երեք կէտով վերադառնալ Պէյրութ: Այս հանգրուանը նախավերջինն է, որմէ ետք կը կատարուի 22-րդ եւ վերջին հանգրուանը եւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Լիվըրփուլ Հետաքրքրական Ճակատում

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Անգլիոյ մէջ պիտի կատարուի բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Մանչեսթըր Եունայթըտ այսօր պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Այլ մրցումի մը ընթացքին Ուաթֆորտ հիւրը պիտի ըլլայ Արսենալի: Իտալիոյ մէջ Ինթեր Միլան կարեւոր մրցումի մը ընթացքին պիտի հիւրընկալէ առաջին դիրքը գրաւող Նափոլին: Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա իրենց մրցումները պիտի կատարեն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 10 մարտին տեղի կ՛ունենայ Հուփս - ՀՄԸՄ Անթիլիաս երկրորդ մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, Պաուշրիէ: Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 82-42 արդիւնքով: Կ՛ակնկալուի, որ խումբը այսօր եւս յաղթանակ մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ֆիտաա Սայտա

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Ֆիտաա Սայտայի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի դէմ: Անիկա կարեւոր պիտի ըլլայ այն իմաստով, որ յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ պիտի հանդիսանայ Գ. դասակարգի ախոյեան...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – «Էյ. Եու. Էս. Թի.».

 Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ - Էտտէ Պաթրուն Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 10 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ ճակատի «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին դէմ Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին: Անիկա կարեւոր պիտի ըլլայ այն իմաստով,...

Պասքեթպոլ. Լիբանանեան Դրամատուներու Մրցաշարքը Կ՛ընթանայ Հետաքրքրական Մթնոլորտի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, լիբանանեան դրամատուներու միջեւ տեղի ունեցող պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ արդէն իսկ թեւակոխած է իր երկրորդ հանգրուանը, կ՛ընթանայ բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: Քրետի Լիպանէ իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելէ ետք, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ: Արձանագրուած արդիւնքները եղան բաւական հետաքրքրական, եւ կարգ մը մրցումներ աւարտեցան կէտերու չնչին տարբերութեամբ: Պանք Լիպանօ - Ֆրանսեզ...

Թենիս. Թունուզի Ֆետերասիոնին Նախագահը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին հրաւէրով, Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնելէ ետք, Թունուզի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Սալմա Մաուլահի տեսակցեցաւ լիբանանեան ֆետերասիոնին անդամներուն հետ: PROFOTO Անոնք իրարու հետ խորհրդակցելէ ետք եկան այն եզրակացութեան, որ պէտք է երկու երկիրները իրարու հետ իրենց փոխյարաբերութիւնները զարգացնեն, որպէսզի այս մարզաձեւը աւելի առաջ երթայ, եւ պատրաստուին թենիսի ապագայ աստղեր: Երկու կողմերը համաձայնեցան, որ ուժը աւելի տրուի տարիքային խումբերուն, եւ...

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Յաղթեց Բանանցին

Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն, Ալաշկերտ նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Բանանցին` շնորհիւ Արտակ Դաշեանի նշանակած կոլին (58-րդ): Իսկ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Գանձասար Կապան 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շիրակի հետ: Դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 17 ապրիլին:

Փարիզ Սեն Ժերմենի Կազմին Մէջ Պիտի Կատարուին Լուրջ Փոփոխութիւններ

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Լը Փարիզիեն»-ը, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէն ակումբը կը պատրաստուի ամրան ընթացքին (2017-2018 տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք) բաւական լուրջ փոփոխութիւններ կատարել իր կազմին մէջ: Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի խումբը որոշած է ծախու հանել Տենի Ալվեսը, Լեւեն Քուրզավան, Եուրի Պերչիչէն, Ատրիեն Ռապիոն, Մարքօ Վերաթթին, Խաւիէ Փասթորէն, Անխել Տի Մարիան եւ Էտինսոն Քաւանին: Կը կարծուի, որ վերոնշեալ ֆութպոլիստները չեն համապատասխաներ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Հուփսը` 40 Կէտի Տարբերութեամբ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները սկսան երէկ գիշեր, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Հուփս մրցումը: Լուսանկարը Տրամադրեց՝ ՃՕ-ՇԱՖԻՔ ՇԱՄԱԱ ՀՄԸՄ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` 40 կէտի տարբերութեամբ` 82-42 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (21-12, 21-10, 14-6 եւ 26-14): Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ նոյնիսկ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց 46-ի (82-36):...

Page 861 of 1278 1 … 860 861 862 … 1,278

Արխիւներ