Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ շաբաթ, 24 մարտ 2018-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին 2018-ի տարեկան համագումարը, յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն սկսեալ:
Եթէ ժողովը օրինական չըլլայ, ճիշդ շաբաթ մը ետք` 31 մարտին, նոյն վայրին մէջ պիտի կատարուի երկրորդ նիստը` առանց դարձեալ հրաւէր ուղարկելու ժողովականներուն: Իսկ երրորդը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 7 ապրիլին:
Ֆետերասիոնը բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն կարեւոր կէտին վրայ, որ բոլոր այն ակումբները, որոնք իրենց անդամավճարները չեն վճարած, չեն կրնար մասնակցիլ այս համագումարին: