Նախորդ շաբաթավերջին իտալական Միլանօ քաղաքէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի մէջ գտնուող Ինթերի ակադեմիային մէկ պատուիրակութիւնը, հոն ներկայ գտնուելէ ետք Ինթեր Միլան ակումբին հիմնադրութեան 110-ամեակի տօնակատարութիւններուն:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ակադեմիային փոխնախագահ Միսաք Նաճարեան եւ թեքնիք տնօրէն Ապպաս Շարիֆ Ուըհպի:
Իտալիոյ մէջ վերոնշեալ պատուիրակութիւնը տեղեկացաւ, որ Ինթեր Միլան, որոշած է իր ակադեմիաներու աշխարհի բաժակի մրցաշարքը կայացնել Լիբանանի մէջ, ինչ որ Լիբանանի համար բաւական կարեւոր իրագործում մըն է:
Սակայն, նկատի ունենալով, որ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Միլանոյի մէջ, յայտարարուեցաւ, որ իտալական կողմը պիտի սերտէ Լիբանանի մէջ երկրորդը կայացնելու մանրամասնութիւնները: Անիկա տեղի պիտի ունենայ երկու տարին անգամ մը:



