Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները, որոնց ընթացքին Լիբանանեան բանակը եւ Պէյրութի դրամատունը յաղթանակներ արձանագրելով 1-0 արդիւնքով գերազանցեցին իրենց մրցակիցները:
Լիբանանեան բանակը 6-3 արդիւնքով յաղթեց Լուէյզիին, իսկ Պէյրութի դրամատունը Շուէյֆաթին` 4-3 արդիւնքով:
Մրցումին աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ, Քարիմ Ապու Զէյտ նշանակեց Պէյրութի դրամատան յաղթանակի կոլը:


