Միջազգային մարզական լրատուամիջոցները նախորդ շաբաթավերջին լայնօրէն անդրադարձան Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած ՓԱՈՔ-ԱԷՔ մրցումին ընթացքին արձանագրուած վտանգաւոր երեւոյթի մը, որ կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ:
Մինչ մրցումը կ՛ընթանար 0-0 արդիւնքով, ՓԱՈՔ-ի յետսապահ Ֆեռնանտօ Վարելայի վերջին վայրկեանին նշանակած կոլը նկատուեցաւ օֆ-սայտ:
Ասոր ի տես, ՓԱՈՔ-ի նախագահ, ռուս գործարար Իվան Սաւիտի իր թիկնապահներուն հետ ներխուժեց դաշտ եւ յարձակեցաւ օրուան գլխաւոր իրաւարարին վրայ:
Բոլորին ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն հանգամանքը, որ Սաւիտի դաշտ ներխուժեց մէջքին ատրճանակ մը դրած:
Ատկէ ետք մրցումը չշարունակուեցաւ:
Ըստ յունական մամուլին, ԱԷՔ որոշած է միջադէպին գծով բողոք ներկայացնել ՖԻՖԱ-ին եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին:
Սաւիտի 2012-էն ի վեր ՓԱՈՔ-ի նախագահն է: Ան նախապէս եղած է ռուսական Ռոսթովի նախագահը:
Այլ գետնի վրայ, «Պի. Պի. Սի.» հաղորդեց, թէ շատ հաւանական է, որ այս հարցին ի տես, ՖԻՖԱ-ն Յունաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հեռացնէ միջազգային մրցաշարքերէն:



