Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, «Չեմփս» ակումբի նախագահ, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ֆետի Խաթիպ յայտարարեց, որ գործակցութեամբ Ռէալ Մատրիտի, պիտի կատարէ յատուկ բանակում մը իր նոր մարզահամալիրին մէջ:
Բանակումին առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2-6 ապրիլին, սպանացի փորձառու մասնագէտներու կողմէ: Անոր ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հարաւային Ափրիկէի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ, ֆրանսական Մարսէյի նախկին մարզիկ, ծնունդով լիբանանցի Փիեռ Իսսա եւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ, գերմանական Քէօլն ակումբի մարզիկ Եուսեֆ Մոհամետ (Տոտօ):
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղան նաեւ մեծ թիւով մարզական լրագրողներ, որոնք իրենց ուղղած հարցումներով յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգեցին այս յատուկ բանակումին մասին:
Ֆետի Խաթիպ յայտարարեց, որ ապագային լիբանանցի ֆութպոլիստներ ունենալու համար ամբողջ տարուան տեւողութեան միշտ ներկայ պիտի ըլլան սպանացի փորձառու մարզիչները, որոնք ընտրելով լաւագոյն մարզիկները, անոնց առիթ պիտի տան Ռէալ Մատրիտի մէջ գտնուող ակադեմիան յաճախել` այդտեղ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու նպատակով:
Այս բանակումը յատկացուած է 5-17 տարեկան կրտսերներու համար:




