Մարզական

Ռաուլ` Ռէալ Մատրիտի 18 Տարեկանէն Վար Խումբի Մարզիչ

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալես յառաջիկայ ամիս պիտի սկսի մարզիչի իր ասպարէզին: «Մարքա»-ի համաձայն, 2015-ին ֆութպոլիստի իր ասպարէզը աւարտած 40 տարեկան սպանացին պիտի ստանայ մարզիչի արտօնագիր եւ պիտի գլխաւորէ արքայական ակումբին 18 տարեկանէն վար խումբը: Ան 1994-էն 2010 մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի, ապա` Շալքէի, Սատի (Քաթար) եւ Նիւ Եորք Քոզմոսի (Միացեալ Նահանգներ):

Թեքուանտօ. 380 Մարզիկներ Մասնակցեցան Կարմիր Գօտիի Ախոյեանութեան

Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ) տեղի ունեցած Լիբանանի կարմիր գօտիի թեքուանտոյի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 380 երկսեռ մարզիկներ: Մրցաշարքի աւարտին առաջին հանդիսացաւ Անդրանիկ, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Սայտէ եւ «Էօ. Էն. Պէ.»: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի անդամներուն, մարզիկներու ծնողներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Կախակայումներ Եւ Տուգանքներ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները: Յայտարարուեցաւ, որ Շապապ Սահել եւ Շապապ Ղազիէ կը բարձրանան Ա. դասակարգ մինչ Ամալ Մաարաքէ եւ Շապապ Մաժտալ Այնճար կը փոխադրուին Գ. դասակարգ: Իսկ Նահտա Պար Էլիաս եւ Շապապ Պըրժ կը բարձրանան Բ. դասակարգ, մինչ Ֆաժըր Արապսալիմ, Նըժմեթ Սահրա եւ Շեքքա կը փոխադրուին Դ. դասակարգ: Ինչ...

Պասքեթպոլ. Անթուան Շարթիէի Անուան Առաջին Մրցաշարքը Տեղի Կ՛ունենայ Բաւական Մեծ Հետաքրքրութեամբ

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, Անթուան Շարթիէի անուան պասքեթպոլի առաջին տարիքային մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 20 ակումբներու 800 երկսեռ մարզիկներ, բաժնուած` հետեւեալ տարիքային դասակարգերուն. 16 տարեկանէն վար (2002-2003 ծնունդ), 14 տարեկանէն վար (2004-2005), 12 տարեկանէն վար (2006-2007) եւ 10 տարեկանէն վար (2008-2009): Մրցումները տեղի կ՛ունենան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին...

«Էն. Պի. Էյ.» Ռոքեթց Յաղթեց, Հարտեն Նշանակեց 42 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Հիուսթըն Ռոքեթց յաղթական վերադարձաւ Փորթլենտէն, ուր 115-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թրէյլ Պլէյզըրզը: Ճէյմս Հարտեն (աջին) Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 42 կէտ: Եութայի մէջ, Ճեզ 99-94 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աթլանթա Հոքսէն: Տենիս Շրոտըր (Հոքս) նշանակեց 41 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Օրլանտօ Մեճիք - Թորոնթօ Ռեփթըրզ 86-93...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Մութթահետ Առաջին Մրցումը` Շաբաթ, 6 Մայիսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի առաջին ճակատումին, այսօր` չորեքշաբթի, 21 մարտին, իրարու դէմ յանդիման կու գան ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Յաղթանակ արձանագրելը եւ տիտղոսը ՀՄԸՄ-ին մօտ պահելը կը նկատուի շատ կարեւոր եւ էական մարտահրաւէր: Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ- ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Եւ Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2017-2018 տարեշրջանին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումներուն առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 մարտ 2018-ին: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը. Չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018 Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ - Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան աղջիկներ 17:00 Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ -  Ազգային...

Հենրիխ Մխիթարեանի Հանդիպումը` Հայաստանի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականներուն Հետ

Լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներու ֆութպոլիստներուն հետ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան: Մխիթարեան Հայաստան եկաւ Էսթոնիոյ (24 մարտ) եւ Լիթուանիոյ (27 մարտ) դէմ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումներուն մասնակցելու համար: Վերջերս Հայաստանի 19...

Թեքուանտօ. Լիբանան Պիտի Հիւրընկալէ Պէյրութի Բաց Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի թեքուանիոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ սեպտեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Պէյրութի բաց ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութիւնը կը նկատուի կարեւոր այն իմաստով, որ անիկա Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու զտումի մրցաշարքին հանգրուաններէն մէկն է: Ո՛չ միայն այս մարզաձեւին, այլեւ տարբեր մարզաձեւերու մէջ ալ Լիբանան ցարդ ողիմպիականի զտումի մրցաշարքի որեւէ հանգրուան չէ...

Ֆինիքիա Սուր Ակումբին Տպաւորիչ Արդիւնքները` Լիմասոլի Մարաթոնին

Երէկ` երեքշաբթի, Լիմասոլէն Պէյրութ վերադարձաւ Ֆինիքիա Սուր ակումբին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Լիմասոլի միջազգային մարաթոնին, 5 եւ 10 քիլոմեթրի մրցումներուն: Վերոնշեալ ակումբին մարզիկները, հոն արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ, տիրացան 2 երկրորդութեան եւ մէկ երրորդութեան, ինչ որ կը նկատուի քաջալերելի արդիւնք մը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ֆինիքիա Սուր ակումբի նախագահ Սալահ Ֆարրան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամի Մենամարտին Վայրը, Թուականը Եւ Մրցակիցը Յստակացան

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ 28 ապրիլին պիտի մենամարտի դանիացի Փաթրիք Ռէյնհարտ Նիլսընի դէմ: Այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ Օֆենպուրկ քաղաքի «Պատեն» մարզահամալիրին մէջ, յայտնեց կռփամարտիկի մամլոյ ներկայացուցիչ Սիրան Գրիգորեան: Այս մենամարտին յաղթականը պիտի դառնայ վարկանշային դասաւորման մէջ առաջին: Նշուեցաւ, որ Աբրահամ յաղթականօրէն տրամադրուած է այս մենամարտին համար:  

Ըմբշամարտ. Մահացաւ Աշխարհի Նախկին Ախոյեան Աղասի Մանուկեան

Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 50 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, աշխարհի նախկին ախոյեան եւ բաժակակիր Աղասի Մանուկեան, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան 1987-ին հանդիսացած է Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան, իսկ 1988-ին նախկին Խորհրդային Միութեան ազգային հաւաքականին հետ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեանութեան բաժակակիր: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ան հանդէս եկած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի կազմին մէջ եւ 1993-ին Սթոքհոլմի մէջ հանդիսացած...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Նորեկին Առաջին Փորձերը

Արժանթինեան Աթլեթիքօ Հուրաքանի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ, որ նախանցեալ օր Երեւան հասաւ, երէկ կատարեց իր առաջին փորձերը` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին տարազով: 22 տարեկան յառաջապահը, որ 2016-ի ամրան միացաւ Հուրաքանի, կը նկատուի բացառիկ յատկութիւններու տէր ֆութպոլիստ եւ բաւական վտանգաւոր յառաջապահ:

Հեծելարշաւ. Հայաստանի Հզօրագոյն Հեծելանւորդը Տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի հզօրագոյն հեծելանւորդը` Էտկար Ստեփանեան, պայմանագիր մը կնքեց ամերիկեան «Վելօ Փասատենա» Ռէյսինկ Թիմ խումբին հետ: Ան թէեւ տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, բայց պիտի շարունակէ իր պայքարը Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը ապահովելու Հայաստանի համար: «Վելօ Փասատենա» ընկերութեան սեփականատէրը Հրաչ Գեւրիքեանն է, որ անձամբ ուղղած է այդ հրաւէրը:

«Էն. Պի. Էյ.» Լեպրոն Ճէյմս Եւ Պեն Սայմընզ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Լեպրոն Ճէյմս (Քլիվլենտ Քաւալիրզ) եւ Պեն Սայմընզ (Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ) թրիփըլ-տապըլի հեղինակներ դարձան: Ճէյմս այս իրագործումը (40 կէտ, 12 ռիպաունտ, 10 էսիսթ) կատարեց Միլուոքի Պաքսի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (124-117), իսկ Սայմընզ (11 կէտ, 12 ռիպաունտ, 15 էսիսթ)` Շարլոթ Հոռնեթցի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (108-94): Պաքսի մարզիկներէն Ճիաննիս Անթեթոքունփօ բաւական արդիւնաւէտ խաղարկութիւն...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Շանվիլ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 20 մարտին տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Շանվիլը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Դասաւորման պատկերը այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ վիճակը.   ՅԱՂԹ. ՊԱՐՏ. ԿԷՏ 1.- ՀՄԸՄ 19 4 42 2.- Ռիատի 19...

Հենրիխ Մխիթարեանի Օրինակելի Քայլը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստան, կատարած է օրինակելի քայլ մը: Մխիթարեան, որ երէկ այցելած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան, հանդիպած է ուսանողներուն եւ բժշկական անձնակազմին հետ: Այցելութեան նպատակը եղած է վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորներուն հետ հանդիպիլ: Արսենալի միջնապահը 2017-ին Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներու...

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Յաղթեց Ողիմպիականի Ախոյեանին Եւ Տիրացաւ Արծաթ Մետալին

Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան արծաթէ մետալակիր դարձաւ Ռուսիոյ Եքաթերինպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին: 73 քկ դասակարգին մէջ, 4 յաղթանակ արձանագրելէ ետք 26 տարեկան մարզիկը հասաւ աւարտականին, ուր սակայն պարտութիւն կրեց իր մոնկոլ մրցակիցէն: Սակայն կիսաւարտականին Կարապետեան կարեւոր նուաճում մը կատարեց, երբ յաղթեց Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու իտալացի ախոյեան Ֆապիօ Փացիլէի: Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի երկու...

2018-ի Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Հաստատեց Ռիփլէյի Դրութիւնը Եւ Չորրորդ Մարզիկի Փոփոխութեան Հարցը

Ինչպէս ծանօթ է, 14 յունիսէն 15 յուլիս Ռուսիա կը հիւրընկալէ 2018-ի մոնտիալը` 12 տարբեր դաշտերու վրայ: ՖԻՖԱ-ն նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ այս մոնտիալին տեղի պիտի ունենան երկու կարեւոր նորութիւններ: Նախ եւ առաջ, եթէ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը որեւէ պահու կասկածելի որեւէ բան տեսնէ, իրաւունք ունի կիրարկելու ռիփլէյի դրութիւնը: Այսինքն, ան իրաւունք ունի մրցումը դադրեցնելու եւ դիտելու ռիփլէյը: Նշենք, որ այս դրութիւնը...

Հայկական Ֆութպոլ. Գէորգ Ղազարեան Կը Վերադառնայ Ազգային Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ փորթուգալեան Մարիթիմոյի ֆութպոլիստ Գէորգ Ղազարեան, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով ապաքինման ժամանակաշրջան մը կ՛անցընէր եւ մէկ տարիէ ի վեր հեռու էր հաւաքականէն, կը վերադառնայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբ: Ան նախորդ շաբաթավերջին հասաւ Երեւան` մասնակցելու համար Էսթոնիոյ եւ Լիթուանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն, հաւաքականին միանալու հրաւէր ստանալէ ետք: Հայ ֆութպոլիստը վնասուածք ստացաւ մարտ 2017-ին, երբ...

Page 857 of 1278 1 … 856 857 858 … 1,278

Արխիւներ