Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի հզօրագոյն հեծելանւորդը` Էտկար Ստեփանեան, պայմանագիր մը կնքեց ամերիկեան «Վելօ Փասատենա» Ռէյսինկ Թիմ խումբին հետ:
Ան թէեւ տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, բայց պիտի շարունակէ իր պայքարը Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը ապահովելու Հայաստանի համար:
«Վելօ Փասատենա» ընկերութեան սեփականատէրը Հրաչ Գեւրիքեանն է, որ անձամբ ուղղած է այդ հրաւէրը: