Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, Անթուան Շարթիէի անուան պասքեթպոլի առաջին տարիքային մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 20 ակումբներու 800 երկսեռ մարզիկներ, բաժնուած` հետեւեալ տարիքային դասակարգերուն.
16 տարեկանէն վար (2002-2003 ծնունդ), 14 տարեկանէն վար (2004-2005), 12 տարեկանէն վար (2006-2007) եւ 10 տարեկանէն վար (2008-2009):
Մրցումները տեղի կ՛ունենան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ), ինչպէս նաեւ Հուփսի, Հազմիէի եւ օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող ակումբներուն մէջ:
Շաբաթ, 24 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:30-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ այլ մրցումներ Հուփսի` օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող ակումբին մէջ: