Լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներու ֆութպոլիստներուն հետ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան:
Մխիթարեան Հայաստան եկաւ Էսթոնիոյ (24 մարտ) եւ Լիթուանիոյ (27 մարտ) դէմ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումներուն մասնակցելու համար:
Վերջերս Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը գլխաւորեց արժանթինցի Ֆեռնանտօ Արիել Պաթիսթա, իսկ 17 տարեկանէն վար հաւաքականը արժանթինցի այլ մարզիչ մը` Կապրիել Տարիօ-Տի Նոյա: