Մարզական

Կռփամարտ. Հայրենի Կռփամարտիկները Կը Շարունակեն Իրենց Յաղթական Ելոյթները

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, հայրենի կռփամարտիկները կը շարունակեն իրենց յաղթական ելոյթները: Հայրենի երեք կռփամարտիկներ Նարեկ Աբգարեան, Արամ Աւագեան եւ Գոռ Երիցեան տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին իրենց մրցակիցներուն դէմ: Անոնք հանդէս կու գան «Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշըն» խումբին հետ: Հայաստանի հաւաքականին կռփամարտիկներուն մենամարտերուն հետեւեցաւ նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեան:

Ռէալ Սոսիետատ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Սոսիետատ որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչ Էօզեպիօ Սաքրիսթանը եւ թեքնիք տնօրէն Լորեն Խուառոսը: 29-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, խումբը կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը:  

Մեքսիքացի 30 Տարեկան Ֆութպոլիստ Մը Մահացաւ

Միջազգային լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ մեքսիքացի ֆութպոլիստ Էզեքիել Օրոսքօ երկար ժամանակ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք մահացաւ: Վերջին անգամ նոյեմբեր 2016-ին ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուած 30 տարեկան ֆութպոլիստը կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ:

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Կիսաւարտականի Խումբերը Յստակացան

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներէն ետք յստակացան այն կազմերը, որոնք ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Մանչեսթըր Եունայթըտ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Թոթենհամը, մինչ Չելսի` Սաութհեմփթընը: Կիսաւարտականի այս ճակատումները տեղի կ՛ունենան 21 եւ 22 ապրիլին: Անգլիոյ գործող բաժակակիրն է Արսենալ, որ 13 անգամ տիրացած է այս մրցաշարքի տիտղոսին (մրցանիշ մը):

Նորպերթօ Պրիասքօ Կ՛այցելէ Հայաստան

Երէկ առաւօտեան Արժանթինէն Հայաստան հասաւ Աթլեթիքօ Հուրաքանի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ, որ Զուարթնոց օդակայանին մէջ արժանացաւ ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութեան: Նորպերթօ Պրիասքօ (ձախէն` երրորդը) Պրիասքօ վերջերս հրաւէր ստացաւ միանալու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին` յառաջիկային տեղի ունենալիք բարեկամական երկու մրցումներու համար:

Նէյմար Աշխատավարձի Յաւելում Կը Պահանջէ

Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար, մնալու համար իր ակումբին հետ, աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէ, կը յայտնէ «Տը Թայմզ»: Կը նշուի, որ փոխան շաբաթական 750 հազար եւրոյի, ան կը պահանջէ 1,1 միլիոն եւրօ: Ասիկա ցարդ պաշտօնական չի նկատուիր, որովհետեւ անոր ակումբին կողմէ ոչինչ կը յայտարարուի: Ըստ այլ լուրերու, կը նշուի, որ ան մտադիր չէ վերադառնալու փարիզեան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Սաժեսին` Անոր Դաշտին Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես-ՀՄԸՄ մրցումը: Երէկուան մրցումէնPROFOTO Այս մրցումը, որ եղաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: Վերջինս մրցումին վերջին երկվայրկեանին Մաքրամ Պըն Ռամատանի նշանակած պազըր-պիթըրին շնորհիւ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 83-81 արդիւնքով (19-22, 23-20, 20-19 եւ 19-22): Իւրաքանչիւր խումբ ամէն անգամ, որ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Սահել Եւ Շապապ Ղազիէ Բարձրացան Ա. Դասակարգ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը երէկ` կիրակի, 18 մարտին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Շապապ Սահել կը ստանայ իր տիտղոսը . Լուսանկարը տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Իր կատարած վերջին մրցումին, Շապապ Սահել 2-1 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Ղազիէին: Այսպիսով, Ամալ Մաարաքէ եւ Շապապ Մաժտալ Այնճար փոխադրուեցան Գ. դասակարգ, մինչ Նահտա Պար Էլիաս եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Կազմը Ստացաւ Իր Տիտղոսը

Երէկ` կիրակի, 18 մարտին Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի վերջին` Ֆիտաա Սայտա - Սքուատրա մրցումը, որուն հետ վարագոյրը իջաւ ախոյեանութեան վրայ: ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց կազմը, որ արդէն իսկ շաբաթ ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը եւ բնականաբար բարձրացան Բ. դասակարգ, այս մրցումէն ետք ստացաւ ախոյեանութեան տիտղոսը: Մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել...

Պասքեթպոլ. Ճեմարանի Աշակերտները` Տիտղոսակիր

«Առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքին հետեւելով` Ճեմարանի աշակերտները կրթական, մշակութային եւ այլ մրցանքներու կողքին, կը մասնակցին ԼԵՎԱՄ-ի եւ զանազան մարզաձեւեր ընդգրկող մրցաշարքերու եւս: Մարզական այս մրցաշարքերուն ծիրին մէջ, Ժամհուրի «Նոթըր Տամ» դպրոցի կազմակերպած պասքեթպոլի «Ժորժ Ուաքիմ» 2017-2018 մրցաշարքի, քանի մը շաբաթավերջերու վրայ երկարող մրցումներուն, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Էլիզէ, Շամվիլ, Սեն Ժոզեֆ եւ Ժամհուրի «Նոթըր Տամ» խումբերուն, Ճեմարանի պասքեթպոլի խումբը...

Ֆութսալ.  Այսօր` Դրամատուներու Աւարտական Մրցումը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անտաքըթ` 1-3

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պէյրութ կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Անտաքըթի դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Խաչիկ Սերոբեան: ՀՄԸՄ Պէյրութ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ նոյն դաշտին վրայ, երբ հինգշաբթի, 22 մարտին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, կը մրցի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ` Աղջկանց Բաժակակիր

Երէկ յետմիջօրէին Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտականը, երբ իրարու դէմ ճակատեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ: Ռիատիի աղջիկները տիտղոսը պահեցին իրենց մօտ` արձանագրելով 68-64 արդիւնքով յաղթանակ մը (12-21, 19-16, 23-17 եւ 10-14): PROFOTO Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռամի Ֆաուազ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը եւ տիտղոսը յանձնեց յաղթական խումբին` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Տիտղոսին. Կարօ Յարութիւնեան Հանդիսացաւ 4-րդ

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, երէկ` կիրակի, 18 մարտին, Արսուն-Քըրնայել շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի լեռնային շրջաններու ռելիի առաջին մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 29 ինքնաշարժներ: Անոր ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, որոնք եկած էին քաջալերելու լիբանանցի վարորդները: Լուսանկարը` «ԷՄ. ԷՄ. ԷՍ. ՌԵԼԻ»-ի եւ ԼԷԱ ԽԱԼԻՖԷ-ի Առաջին դիրքը գրաւեց եւ տարեշրջանի իր առաջին տիտղոսին տիրացաւ Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր ինքնաշարժին`...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի 2017 - 2018 տարեշրջանին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումներու առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, շաբաթ, 17 եւ կիրակի 18 Մարտ 2018-ին: Ստորեւ կը ներկայացնենք շաբաթավերջի յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ, 17 ՄԱՐՏ 2018 Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան -Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան 00/01/02-ի ծնունդ տղաք 73-42 Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց...

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Փեթրոշիմի Յաղթեց Ռիատիի (83-53) Եւ Տիրացաւ Տիտղոսին

Շաբաթ, 17 մարտին, Մանարայի դաշտին վրայ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ Փեթրոշիմիի (Իրան) միջեւ: Անիկա աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին քիչ մը ծանր պարտութեամբ` նկատի ունենալով, որ իրանեան կազմը 30 կէտի տարբերութեամբ` 83-53 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Իրանեան կազմէն ամերիկացի Մայք Հերիս նշանակեց 37 կէտ եւ 12 ռիպաունտ: Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց...

«Լա Լիկա». Պարսելոնա 11 Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 11 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ, որ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Վիարէալի դաշտին վրայ: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ֆրանչիսքօ Ալքասերի (8-րդ) եւ Լիոնել Մեսսիի (30-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ, Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Աթլեթիքօ Պիլպաոյին: Կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք Ռէալ Մատրիտ...

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկը Հենրիխ Մխիթարեանի Ներկայութեան Յաղթեց Ալաշկերտին

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Փիւնիկ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ալաշկերտը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այս մրցումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Փիւնիկի նախկին խաղացող է:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 18 մարտին, ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Սաժեսի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի անպայման յաղթանակ մը արձանագրել մրցակիցին դաշտին վրայ:

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Հաւանաբար Մենամարտ Կատարէ Փաթրիք Նիլսընի Դէմ

«Պոքսինկսին»-ի համաձայն, արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ շատ հաւանաբար իր յաջորդ մենամարտը կատարէ 21 ապրիլին, Պերլինի մէջ (Գերմանիա): Կը կարծուի, որ 38 տարեկան Աբրահամի մրցակիցը շատ հաւանաբար ըլլայ դանիացի Փաթրիք Նիլսըն: Աբրահամ իր վերջին մենամարտը կատարեց 15 յունիս 2017-ին, երբ Լոնտոնի «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց երկրորդ միջին քաշային կարգի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Թեթեւ Ճակատումներու Շաբաթավերջ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, թէեւ թեթեւ ճակատումներ պիտի ըլլան, սակայն բոլոր խումբերուն համար ալ յաղթանակը կը նկատուի առաջնահերթ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 31-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Պըրնլի (7) - Չելսի (5) (յետաձգուած) Պուրնըմաութ (12) - Ուեսթ Պրոմուիչ (20) 17:00 Հատըրսֆիլտ (15) - Քրիսթալ Փալաս (18) 17:00...

Page 858 of 1278 1 … 857 858 859 … 1,278

Արխիւներ