Լիբանանի թեքուանիոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ սեպտեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Պէյրութի բաց ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութիւնը կը նկատուի կարեւոր այն իմաստով, որ անիկա Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերու զտումի մրցաշարքին հանգրուաններէն մէկն է:
Ո՛չ միայն այս մարզաձեւին, այլեւ տարբեր մարզաձեւերու մէջ ալ Լիբանան ցարդ ողիմպիականի զտումի մրցաշարքի որեւէ հանգրուան չէ հիւրընկալած ինչ որ կը նշանակէ, որ ասիկա պատմական իրագործում մը պիտի ըլլայ մայրիներու երկրին համար:
Զարիֆէ եզրափակեց նշելով, որ ախոյեանութեան արձանագրութիւնները կը շարունակուին ֆետերասիոնին կայքին վրայ: