Մարզական

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ…

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ…

Անհասկնալի Պէյսպոլը Ամերիկայէն վերադարձած զբօսաշրջիկ մը ընկերոջը կը բացատրէ պէյսպոլը. - Պէյսպոլը եկեղեցւոյ նման է: Բազմաթիւ անձեր ներկայ կ՛ըլլան, քիչեր կը հասկնան:   Կեանքի Եւ Մահուան Հարց . Հայր մը կը խրատէ ֆութպոլը շատ սիրող իր տղան. - Եթէ իւրաքանչիւր խաղը քեզի համար կեանքի եւ մահուան հարց ըլլայ, դուն խնդիրներ պիտի ունենաս: Բազմաթիւ անգամներ պիտի մեռնիս:   Մարզական Խաղերու Հետեւի՞լ...

Նշմար. «Օսմանեան Համակիրներ»

ԹՈՐԳՈՄ Մարզական խումբերու կարգ մը  համակիրներու ռամկական հռետորութիւնը, մանաւանդ ընկերային ցանցերու զեխութեան այս ժամանակաշրջանին մէջ, հասկնալի, բայց ոչ արդարանալի երեւոյթ մըն է: Նախքան մրցումները կատարուող յոխորտանքները ծանօթ է, որ այլեւս շատոնց անցած են մարզական սահմանները` անսահման անմակարդակութիւն մը ստեղծելով: Սպասել եւ խաղին արդիւնքէն ետք արտայայտուիլը այլեւս ժամանակավրէպ ձեւ մը դարձած է: Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, անշուշտ դիւրաւ կարելի է գուշակել,...

Երրորդ Անգամն Ըլլալով ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Պասքեթպոլի Աղջկանց Խումբը` Լիբանանի Ախոյեան

Երրորդ Անգամն Ըլլալով ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Պասքեթպոլի Աղջկանց Խումբը` Լիբանանի Ախոյեան

Ծաղկազարդը Բարեբեր Եղաւ ՀՄԸՄ-ին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը կրկին նուաճեց  Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանի տիտղոսը, երէկ կէսօրէ ետք «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Ռիատիի դէմ տեղի ունեցած աւարտական երրորդ մրցումն ալ յաղթելով: Այսօրուան ճակատումը եւս վերջ գտաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` այս անգամ 83- 46 արդիւնքով: Նոյնպէս տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի...

Արթուր Պետրոսեան. «Կրնար Աւելի Լաւ Ըլլալ, Բայց Գոհ Եմ»

Երեւանի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած Հայաստան-Էսթոնիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն (0-0) ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ան ըսաւ, թէ խաղին նպատակն էր մեծ թիւով մարզիկներ փորձել, եւ ատիկա ծառայեց իր նպատակին: «Մենք մեզ խանգարեցինք այն իմաստով, որ վերջին փոխանցումը տեղ չէր հասներ: Մինչեւ  վերջին փոխանցումը ամէն ինչ շատ լաւ էր այսօր: Սակայն...

Կարօ Մուրատ «Այ. Պի. Օ.» Վարկածով Դարձաւ Աշխարհի Ախոյեան

Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի մրցաշարքին, կիսածանր կշիռքի դասակարգին մէջ  հայազգի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատ (Կարապետ Մուրատեան) նուաճեց աշխարհի ախոյեանի գօտին` յաղթելով ամերիկացի Թրեւիս Ռիվեսի: Հայ բռնցքամարտիկը 12-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը  եւ «Այ. Պի. Օ.»-ի վարկածով դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Մուրատ 32-րդ յաղթանակը տօնեց արհեստավարժ իր ասպարէզին մէջ, որուն ընթացքին միայն 3 պարտութիւն կրած է եւ մէկ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռիատի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 25 մարտին, տեղի կ՛ունենայ գագաթի ճակատումը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ Ռիատին: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ամրապնդելու համար պարագլուխի իր դիրքը, ՀՄԸՄ պէտք ունի յաղթանակի: ՀՄԸՄ-ի կերտելիք յաղթանակին մէջ կարեւոր բաժին մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Վաղը Կը Կատարէ Աւարտական Երրորդ Մրցումը` Յաղթելու Եւ Տիտղոսին Տիրանալու Նպատակով

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական երկրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Մանարայի դաշտին վրայ, դարձեալ աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաղթանակով, որ 2-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` Ռիատի Պէյրութը, արձանագրելով 55-53 արդիւնքով յաղթանակ մը (13-13, 12-10, 14-16 եւ 14-16): ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին լաւագոյն կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Ելենա Լուշենքա, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (22 կէտ, 15 ռիպաունտ): Իր կարգին, տապըլ-տապըլ...

Միջազգային Ֆութպոլ. Այսօր` Հայաստան – Էսթոնիա

Ֆութպոլի միջազգային մրցումի մը ընթացքին, բազմաթիւ երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերուն նման, այսօր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Էսթոնիան: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Լիբանանի ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ օրուան երեք իրաւարարները պիտի ըլլան Վրաստանէն: Չորրորդ իրաւարարն է Արման Ալաբերքեան: Հայրենի կազմը անցնող...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Այսօր` Մաշաալ Պաատնայել – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 24 մարտին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը կատարէ իր երրորդ մրցումը, երբ երեկոյեան ժամը 19:30-ին Սատաքայի դաշտին վրայ կը մրցի Մաշաալ Պաատնայելի դէմ: ՀՄԸՄ-ի կազմը ցարդ արձանագրած է հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը: Այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն անպայման յաղթանակ մը կ՛ակնկալուի: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.   ԿԷՏ 1.- Ապնաա...

Արսենալ Շնորհաւորեց Հենրիխ Մխիթարեանը

Անգլիական Արսենալ ֆութպոլի ակումբը շնորհաւորեց իր միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը` Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի իր մրցանակը ստանալուն առիթով: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ բարեկամական երկու մրցում կատարելու նպատակով Հայաստան գտնուող Մխիթարեան, տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի այս մրցանակը ստացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 8-րդ անգամ ըլլալով եւ յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով: Այստեղ պէտք է նշենք, որ Մխիթարեան, որ Հայաստանի կազմին խմբապետն...

Ուեսթ Համ Իր Հինգ Համակիրները Ցմահ Կախակայեց Ֆութպոլի Դաշտ Մուտք Գործելէ

Անգլիական մամուլը հաղորդեց, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Ուեսթ Համ իր հինգ համակիրները ցմահ կախակայեց իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն ներկայ գտնուելէ` նկատի ունենալով, որ անոնք մանր դրամներ նետած էին ակումբին պատասխանատուներուն ուղղութեամբ եւ անարգական խօսքեր ուղղած անոնց: Ասիկա տեղի ունեցած էր Պըրնլիի դէմ կատարուած մրցումին ընթացքին: Հետաքննութիւնները ցարդ չեն աւարտած: Կը կարծուի, որ այդ հինգի պիտի միանան քանի մը ուրիշներ...

2018-ի Մոնտիալ. Ցարդ 2 Միլիոն Տոմս Վաճառուած Է

ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչ Քոլին Սմիթ յայտարարեց, որ 2018-ի մոնտիալի ցարդ 2 միլիոն տոմս արդէն իսկ վաճառուած է: Ան ըսաւ, որ տոմսակներուն գծով բաւական մեծ պահանջ կայ ֆութպոլասէր համակիրներուն կողմէ: Աւելի քան 50 տոկոսը ձեռք ձգած են այն համակիրները, որոնց համար ֆութպոլէն բացի ասիկա անձնական առիթ մըն է այցելելու Ռուսիա, որոշ չափով մըն ալ զբօսաշրջութիւն կատարելու իմաստով:  

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երկրորդ մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի կ՛ունենայ այսօր` ուրբաթ, 23 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ կը գերազանցէ Ռիատին, այսօր իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու իր երկրորդ յաղթանակը, որպէսզի Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան դառնալու հաւանականութիւնները մեծցնէ:

Երեքշաբթի, 27 Մարտին Լիբանան – Մալեզիա Ֆութպոլի Մրցումը` Քամիլ Շամունի Մարզական Աւանին Մէջ

Լուսանկարը ՏրամադրեցԱտնան Հաժ Ալի Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ արդէն իսկ հրապարակ իջած են Լիբանան - Մալեզիա ֆութպոլի մրցումին տոմսերը: Այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիա-2019-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: Լիբանան - Մալեզիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ, երեքշաբթի, 27 մարտին,...

Ռասինկ Պէյրութի Ակումբին Տարեկան Ընթրիքը

Ռասինկ Պէյրութի Ակումբին Տարեկան Ընթրիքը

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Տը Ուան» ճաշարանին մէջ («Պիել»-ի շրջան), Ռասինկ Պէյրութ կատարեց իր տարեկան ընթրիքը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: Անոր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ծրագրաւորումի հարցերու պետական նախարար եւ ակումբի պատուոյ նախագահ Միշել Ֆարաոն: Նախարար Ֆարաոն, իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս առիթը քաղաքական հանդիպում մը չէ, որովհետեւ մարզաշխարհը պէտք է հեռու պահուի քաղաքականութենէն: Ան ըսաւ, որ ինք...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թըպնին` 4-4

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մրցեցաւ Թըպնինի դէմ, արձանագրեց 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Երուանդ Մանասերեան, Մանօ Միքայէլեան (2 կոլ) եւ Յակոբ Յակոբեան:

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Հասաւ Տուպայ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը հասաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Տուպայ-Քափ-2018-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: Հայրենի կազմին մրցակիցները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիա, Տաճիկիստան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Տուպայի մէջ հայրենի ֆութպոլիստները արդէն իսկ սկսան իրենց փորձերուն: Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (23 մարտ), Սէուտական Արաբիոյ (25 մարտ) եւ...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Քալաաթ Թըպնին

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի մրցումներուն, Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 22 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կը մրցի Քալաաթ Թըպնինի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները վստահաբար ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն յաղթելու համար իրենց մրցակիցին:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Բացառիկ Ներկայացում Մը Ունենալով 70-52 Արդիւնքով Յաղթեց Ռիատիի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Բացառիկ Ներկայացում Մը Ունենալով 70-52 Արդիւնքով Յաղթեց Ռիատիի

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը: Մրցումին ազդանշանին տրուելէն մինչեւ անոր աւարտը, տիրապետողը եղաւ ՀՄԸՄ` նկատի ունենալով, որ Ռիատի ոչ մէկ առիթով կէտերով կրցաւ գերազանցել ՀՄԸՄ-ը: Առիթով մըն ալ, ՀՄԸՄ նոյնիսկ կրցաւ 25 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունենալ (45-20):...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Առաջին Փորձը

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր առաջին փորձը` հսկողութեամբ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի: Նախքան փորձին սկսիլը, Պետրոսեան բարի գալուստ մաղթեց արժանթինեան Աթլեթիքօ Հուրաքանի 22 տարեկան յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքոյի: Հայաստան կը պատրաստուի Էսթոնիոյ (24 մարտ) եւ Լիթուանիոյ (27 մարտ) դէմ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն:

Page 856 of 1278 1 … 855 856 857 … 1,278

Արխիւներ