Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները:
Յայտարարուեցաւ, որ Շապապ Սահել եւ Շապապ Ղազիէ կը բարձրանան Ա. դասակարգ մինչ Ամալ Մաարաքէ եւ Շապապ Մաժտալ Այնճար կը փոխադրուին Գ. դասակարգ:
Իսկ Նահտա Պար Էլիաս եւ Շապապ Պըրժ կը բարձրանան Բ. դասակարգ, մինչ Ֆաժըր Արապսալիմ, Նըժմեթ Սահրա եւ Շեքքա կը փոխադրուին Դ. դասակարգ:
Ինչ կը վերաբերի սահմանուած կախակայումներուն, Հիւսէյն Աուատա (Շապապ Արապի) 3 մրցումով կախակայուեցաւ, Մոհամետ Ժաուատ (Պընթ Ժպէյլ)` վեց ամիսով, Ապպաս Պայտուն (Պընթ Ժպէյլ)` երեք մրցումով, Ալի Հարպ (Պընթ Ժպէյլ)` երեք մրցումով: Իսկ Ահլի Սարպայի պատասխանատուներէն Ժալալ Ռատուան` մէկ տարիով:
Ինչ կը վերաբերի տուգանքներուն, Անսար ստացաւ 2 միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի պատիժ մը, Նըժմէ` մէկ միլիոն, Իսլապ Պըրժ Շիմալի` հինգ հարիւր հազար, Պըրժ` 2 միլիոն, Պընթ Ժպէյլ` 2 միլիոն:
Պըրժ պիտի հատուցէ Ահտի դաշտին կրած վնասները (190 ամերիկեան տոլար), իսկ Նահտա Պար Էլիաս` դարձեալ Ահտի դաշտին կրած վնասները (450 ամերիկեան տոլար):