Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, 50 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, աշխարհի նախկին ախոյեան եւ բաժակակիր Աղասի Մանուկեան, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Ան 1987-ին հանդիսացած է Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան, իսկ 1988-ին նախկին Խորհրդային Միութեան ազգային հաւաքականին հետ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեանութեան բաժակակիր:
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ան հանդէս եկած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի կազմին մէջ եւ 1993-ին Սթոքհոլմի մէջ հանդիսացած աշխարհի ախոյեան:
Ան 2006-էն ի վեր բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: